«ՄԵՐ ՅՈՅՍՆ ՈՒ ՍԷՐՆ ԻԲՐԵՒ ԽՈՒՆԿ» | ՄԱՅԻՍ 2026 MAY
Թորոնթոհայութիւնը Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը Համայնք → 4
Brewing connection with Sourj Conversation → 18
Նժդեհ Ծատուրեանի «Զվարթը» գիրքը Արուեստ եւ մշակոյթ → 24
Ո՞վ պիտի յաղթանակէ՝ տպագի՞ր մամուլը, թէ թուայինը Սիւնակ → 26
Վերապրելու անկոտրում կամքը.
Ճորճթաունի որբերուն կտակը եւ մերօրեայ ուխտը Րաֆֆի Սարգիսեան
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տեսչարանի պատին կախուած է 1923 թուականին լուսանկարուած խմբային պատկեր մը՝ Ցեղասպանութենէն վերապրած այն առաջին յիսուն հայ որբերուն, որոնք Գանատայի հայանպաստ ընկերութեան (Armenian Relief Association) ջանքերուն շնորհիւ հաստատուեցան Օնթարիոյի Ճորճթաուն քաղաքին մէջ, որոնց այսօր մենք բոլորս կը ճանչնանք որպէս` «Ճորճթաուն պոյզ»: Նկարը ինծի նուիրած էր «Ճորճթաուն պոյ»-երէն մին, շատերուս ծանօթ՝ ընկեր Գուրգէն Մակարեանը: Այս տղոցմէ միակն էր ընկեր Գուրգէնը, որուն ես անձամբ կը ճանչնայի: Բախտաւոր էի իրեն հետ մօտէն ծանօթանալու՝ ընտանեկան մեր հաւաքներուն եւ Հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկներուն ընդմէջէն: Ան երեք տարեկանին ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն վերապրած, ինը տարեկանին իր մօրմէն բաժնուած արդէն կը հասնի Գանատա քառասունինը այլ որբերու հետ, բոլորը պատկերուած այս նկարին մէջ: 1934-ին, Գարեգին Նժդեհ, Գանատայի հարաւային Օնթարիոյի Սէնթ Քաթրինզ քաղաքին մէջ երբ հիմնեց Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան (ՀԵԴ) առաջին գանատական մասնաճիւղը, ընկեր Գուրգէնը եղաւ առաջին անդամներէն եւ կնքուեցաւ ցեղակրօն՝ Նժդեհի իսկ ձեռքով: Ընկեր Գուրգէնը յետագային եղաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Թորոնթոյի կոմիտէութեան հիմնադիրներէն մէկը: Այս որբերուն, թէեւ վերապրած, ճակատագիրը կրնանք համարել մահէն աւելի վատ: Անոնք ականատես եղան եւ ապրեցան անմարդկային չարչարանքներ, տեսան մահը իր ամենէն վայրագ կերպարով, բռնաբարութիւններ, ստրկութիւն եւ ստիպողական թրքացումի վայրագութիւնները, որոնք անմիջական մահէն աւելի վատ էին, որովհետեւ այս փոքր տարիքէն անոնց գալիք օրերուն պիտի միշտ ներկայ ըլլային այդ ահաւոր պատկերները․ ահաւասիկ ճակատագիր մը մահէն աւելի վատ: Ճորճթաունի որբանոց-ագարակատունը օտարութեան մէջ էր ու ծրագրին նպատակներէն մէկը բերուած որբերը գանատական կեանքին ձուլել էր. այս բոլորով հանդերձ, փրկուած որբերով կազմուեցաւ Գանատայի առաջին հայ վարժարանը հոգատար, բարերար եւ առաջին հայ ուսուցիչին՝ Արիս Ալեքսանեանի շնորհիւ, որուն ուսերուն էր որբերուն առողջ եւ հայ պահելու ծանր պարտականութիւնը: Պատկերացուցէ՛ք. 1920 թուականին Գանատական կառավարութիւնը օրէնք անցուցած էր, որ բոլոր Գանատայի բնիկ փոքրիկները, 7-15 տարեկան, պարտադրաբար պէտք էր յաճախէին Residential School-ներ, որոնց նպատակն էր բռնի եւ →3
եւ այլն/etc.
→ 30
vol. 21
No 5[225]
«Թորոնթոհայ» ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.