Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #222

Page 1

«ԵՍ ԵՄ ՀՈՎԻՒՆ ՔԱՋ. ՀՈՎԻՒ ՔԱՋ ԶԱՆՁՆ ԻՒՐ ԴՆԷ Ի ՎԵՐԱՅ ՈՉԽԱՐԱՑ» | Փետրուար 2026 February

Հ. Եղիա ծվ. Գիրէջեան 1938-2026

«Հովիւ քաջ, հովիւ բարի» յուշ-երեկոն Համայնք → 4

‘Transitopia’ to take off at AGBU Innovation Studios this spring

«Հանգանակութեան տարի»՝ ի խնդիր Սուրբ Աստուածածին Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան Սալբի Սաղտըճեան

ՄԱՀԱԶԴ «Մատի՛ք առ Տէր եւ առէ՛ք զլոյս» Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը, ԱՄՆ-ի ու Գանատայի «Տիրամայր Նարեկի» Հայ կաթողիկէ թեմը, եւ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը խոր կսկիծով կը գուժեն վախճանումը՝ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերյ. հայր Եղիա ծվ. Գիրէջեանին, որ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, իր հոգին աւանդեց առ Հայր, երկուշաբթի, 26 յունուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5:05-ին, համանուն եկեղեցւոյ քահանայատան մէջ։ Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։ Թորոնթօ, 26 յունուար 2026

→ 13

Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց․ առաք․ եկեղեցին 2026 թուականը յայտարարած է «Հանգանակութեան տարի»՝ ի խնդիր սուրբ կառոյցին վերանորոգման եւ բարեզարդման։ «Հաւատքով կերտուած, համայնքով նորոգուած» կարգախօսով՝ նպակադրուած է եկեղեցւոյ վերանորոգման ծախսերուն՝ անհրաժեշտ մէկ միլիոն տոլարի գումարը գոյացնել։ Թորոնթոյի հայ գաղութին համար հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին հիմնուած է 1983-ին։ Համայնքի զաւակներուն անխոնջ նուիրումով, 1987-ին, հիմը դրուած է եկեղեցւոյ սեփական շէնքին, Հայ կեդրոնի շրջափակէն ներս։ 1990-ին տեղի ունեցած է եկեղեցւոյ օծումն ու անդրանիկ պատարագը, ձեռամբ՝ Խաժակ վրդ․ Յակոբեանի (նախապէս եկեղեցական արարողութիւնները տեղի կ’ունենային Սուրբ Օգոստինոս անկլիքան - St. Augustine Anglican եկեղեցւոյ մէջ)։ Աւելի քան երեք տասնամեակ ետք անհրաժեշտութիւն յառաջացած է նորոգել եկեղեցին, լուծել յառաջացած խնդիրները,

որպէսզի անիկա անխափան ծառայէ համայնքի զաւակներուն եւ յաջորդող սերունդներուն։ «Հանգանակութեան տարուան» աշխատանքներուն, ընտրուած կարգախօսին եւ նորոգութեան աշխատանքներուն մասին «Թորոնթոհայ»-ը զրուցեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Կարօ սրկ․ Սարգիսեանի հետ, որ մեր ընթերցողներուն մանրամասնութիւններ տրամադրեց եկեղեցւոյ դերին եւ այնտեղ իրականացուող աշխատանքներուն մասին։ Ան նշեց, որ կարգախօսը ինքնին կը հաստատէ, որ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին իր գոյութեան ընթացքին միշտ ապաւինած է իր ժողովուրդին։ Այս սուրբ օճախը կերտուած, պահպանուած ու զարգացած է ոչ թէ արտաքին օժանդակութիւններով, այլ հաւատացեալ համայնքին նուիրումով, զոհողութեամբ ու պատասխանատու մասնակցութեամբ։ «Ամէն քար, ամէն գեղեցկութիւն եւ ամէն հոգեւոր ու մշակութային ձեռքբերում ծնունդ առած է ժողովուրդի հաւատքէն ու միասնական ոգիէն», դիտել տուաւ մեր զրուցակիցը։ →3 Կարօ սրկ․ Սարգիսեանի

Community → 7

«Հաճոյք գտէ՛ք հայկականին մէջ» Community → 8

The best is yet to come (short story) Arts & culture → 10

եւ այլն/etc . → 18

vol. 21

No 2[222]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #222 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu