Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #220

Page 1

«ՍԸՐՏԻ՛Կ, ՄԱԼՈՒԼ ՄԻ՛ ՄԸՆԱ,— ԱՇԽԱՐՀ ՄԱՐԴՈՒ ՉԻ՛ ՄԸՆԱ» | Դեկտեմբեր 2025 December

Թորոնթոհայութիւնը գոհութեամբ մասնակցեցաւ վեր․ Զօհրապ Սարգիսեանի ձեռնադրութեան Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան Շաբաթ, 8 նոյեմբեր 2025 թուականը, որպէս Աստուածատուր օրհնութեամբ ողողուած օր, երկար տարիներ վառ պիտի մնայ թորոնթոհայ հաւատացեալներուն սրտին ու հոգիին մէջ։ Սիրով, աղօթքով եւ շնորհքով ողողուած այդ օրհնեալ առիթին ներկայ էին Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ անդամները, հոգեւորականները, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան ներկայացուցիչները, Թորոնթոյի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Գրիգոր Փոստաճեան, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան, Թինտէյլ աստուածաբանական համալսարանի ներկայացուցիչներ, Թորոնթոյի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, թորորնթոհայ գաղութն ու հիւրերը, որոնք միաբանուած՝ բարի երթ, կանաչ ճանապարհ եւ Տիրոջ գծած ճամբայէն քալելու ուժ եւ կորով մաղթեցին վեր. Զօհրապ Սարգիսեանին։ Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նորընտիր հոգեւոր հովիւ՝ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան կողմէ, վերապատուելիի հանգամանքով ձեռնադրութեան եւ պաշտօնակոչութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6-ին, յաւուր պատշաճի։ Աստուծոյ պայծառ ներկայութիւնը եւ ձեռնադրութեան պարգեւած օրհնութիւնը, համախմբուած խուռներամ հաւատացեալներուն հոգիները զարդարեցին, ու այդ երանելի օրը հանդիսացաւ կենդանի վկայութիւն մը՝ վեր. Զօհրապին Աստուածատուր կոչումին եւ անոր նուիրեալ ծառայութեան։ Նախանուագը հնչեց, ու թափօրին մուտքը կատարուեցաւ երկիւղածութեամբ։ Արա Տէր Յարութիւնեան ընթերցեց պաշտամունքի կոչը (Սաղմոս 100) «Աղաղակեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր։ Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. Անոր առջեւ կեցէ՛ք ցնծութեամբ։ Ճանչցէ՛ք, որ Տէրն է Աստուած. Անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք։ Մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։ Մտէ՛ք անոր դռները գոհութեամբ ու անոր սրահները՝ օրհնութեամբ։ Գոհացէ՛ք անկէ ու օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Վասն զի Տէրը բարի է. Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է ու Անոր հաւատարմութիւնը՝ սերունդէ մինչեւ սերունդ»։ Եկեղեցին լեցուեցաւ փառաբանութեան ոգիով։ «Կը փառաւորեմ անունդ» եւ «Փառք ենք մենք տալիս Քեզ» երգերը երգուեացան խումբ մը հաւատացեալներու կողմէ, իսկ ժողովուրդը միաձայն միացաւ երգեցողութեան

ու փառաւորեց զԱստուած։ Ամրապնդուած հաւատքով, յոտնկայս, Առաքելական հանգանակը արտասանեցին ներկաները եւ Աստուծոյ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի եւ Սուրբ հոգիի ներկայութեամբ լեցուեցան հաւատացեալները, որոնց մէջ էր նաեւ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանը, իր ընտանիքին՝ տիկնոջ, երկու զաւակներուն եւ ծնողքին հետ։ Բացման աղօթքը կատարեց Վարդան Պալեան, իսկ ողջոյնի խօսքը՝ վեր․ Հենրիկ Շահնազարեան, որ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան անունով շնորհաւորեց եկեղեցին եւ ներկաները՝ ընդգծելով, որ տարիներու աղօթքներուն եւ խնդրանքներուն արդիւնքով, Տէրը այս համայնքին պատրաստած ու պարգեւած էր պատգամաբեր ծառայ մը, որ իր կոչումով յետ այսու հաւատարմօրէն պիտի ծառայէր անոնց։ Վեր. Շահնազարեան ընդգծեց իրենց միասնական բերկրութիւնը եւ կրկնեց իրենց հաստատ դիտաւորութիւնը՝ հովիւ Զօհրապին կողքին կանգնելու եւ ծառայութեան մէջ անոր սատարելու։ Աստուածաշնչական ընթերցումը (Յովհաննէս 21:15-17) կատարեց Մինաս Թաշճեան։ «Կոչուած, առաքուած եւ Իր ձեռքին մէջ պահուած» խորագիրով հայերէն պատգամը մատուցեց պատուելի Պետրոս Նիկողոսեան, որ իր երջանկութիւնը բաժնեկցեցաւ հաւատացեալներուն հետ։ Ան աղօթեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ Անոր հրաշքներուն համար, ապա՝ իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք, ուշագրաւ խրատականով մը եզրափակեց խօսքը. «Այսօր մենք հաստատում ենք քո կանչը։ Դու ես Պետրոսի նման շնորհքով վերականգնուած, Քրիստոսի դեսպանը, հօտի եղբայր խնամողը, Քրիստոսի ձեռքում պահուած եւ աստղի նման փայլող՝ Սամուէլի նման հաստատուած մարգարէ, Քրիստոսի պէս փորձուած եւ պատրաստուած, Պօղոսի նման յանձնարարուած՝ հնազանդ լինելու, Պետրոսի եւ միւս առաքեալներուն նման խոստացուած եւ տառապող»։ Ժողովուրդը երգեց «Միշտ ձօնուած Քու Սուրբ անուան» երգը, որմէ ետք Տարըն Կեցոյեան ընթերցեց Երեմիայ 1:4-10։ Վեր. Ռօն Թովմասեան անգլերէն պատգամով ներկայացուց «Ճանչցուած, զատուած, եւ անուանուած» թեմայով նիւթը ու հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով գնահատեց ծառայութեան խորհուրդը։ Հաւատացեալ ժողովուրդը երգեց «Աստուծոյ գառը»։ Թեկնածուին յորդոր ընծայեց վեր. Ֆռէտ Փեննին եւ → 3

Reflections on the 2025 Pomegranate Film Festival Spotlight → 14

Փոխգնդապետ Սարգիս Ստեփանեան կ’այցելէ Թորոնթօ Համայնք → 4

Armenians in Canada: A glance at the past, a vision of the future Opinion → 22

Տիրուկին հետ Սիւնակ → 25 լենային խոհանո ցը, խա ղեր եւ այլն

→ 26

vol. 20

No 12[220]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook