«ԵՒ Ո'Չ ՄԷԿ ՎԱՅՐՆ Է ԱՐԴԱՐԵՒ ԳԵՂԵՑԻԿ ՔԱՆ ԶԻՄ ԿԻԼԻԿԻԱ» | Նոյեմբեր 2025 November
մեծ Թ որոնթ օն եց շուքով տօն Արամ Ա . վեհափառի ւթեան գահակալո 30 -ամեակը
→ 4 -8
The 18th Pomegranate Film Festival: Nov. 10-16, 2025 Festival schedule → 14
Լոյսով՝ լոյսին. զրոյց՝ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի հետ Զրոյց → 18
Bayrakdarian set for a Toronto homecoming Arts & culture → 20
Հայկական ակունքներուն զնգիւնը Գանատայի մէջ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
«Ակունք» համոյթը ազգային հպարտութեան հոգեթով պահեր պարգեւեց թորոնթոհայութեան
Հայ երգը՝ մեր ժողովուրդի շունչը, մեր գոյութեան ամենէն հին ու անջնջելի վկայութիւնն է։ Երբ ան հնչէ, ժամանակը կը կանգնի եւ մեր նախնիներու ձայնը կը դառնայ ներկայ։ Ահաւասիկ այդ ձայնն էր, որ կրկին հնչեց Գանատայի մէջ, երբ Հայաստանի «Ակունք» ազգագրական պետական համոյթը իր գունագեղ ու հոգեթով ելոյթներով վերակենդանացուց մեր հին երգերն ու պարերը, մեր բարբառներն ու սովորութիւնները։ Անոնք միայն չյայտնուեցան բեմին վրայ, այլ մտան սրտերուն մէջ, դարձան հպարտութեան լոյս եւ ազգային ոգիի նոր թափ։ Հայ երգի նուիրեալ բանահաւաք եւ մեծանուն երգիչ Հայրիկ Մուրատեանի «Հայ մնալ ու հայ ապրիլ» յորդոր-խնդրանքը կը շարունակէ հնչել անցեալէն այսօր՝ իբրեւ կանչ մը դէպի մեր արմատներուն խորքը։ Արդարեւ, «Հայկական է, պատուական է» արտայայտութիւնը լիովին արդարացաւ վերջին երկու շաբաթներու մշակութային եռուզեռի ընթացքին, երբ՝ Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան ջանքերով եւ նախաձեռնութեամբ՝ Գանատա հիւրընկալուած «Ակունք» համոյթին համերգաշարը՝ ազգագրական փառատօնի վերածուելով, գրաւեց գանատահայերուն սրտերը՝ Մոնթրէալէն մինչեւ Գեմպրիճ ու Թորոնթօ։ 1974-ին, բանահաւաք եւ ազգագրագէտ Մարօ Մուրատեանի հիմնած «Ակունք» համոյթին առաքելութիւնը առաջին իսկ օրերէն եղած է պահպանել, ներկայացնել եւ տարածել հայ ժողովրդական երգերն ու պարային, մշակութային արժէքները՝ որպէս հայ ազգային ինքնութեան անբաժանելի ժառանգութիւն։ Համոյթը, որ իր մէջ կը համախմբէ Արեւմտեան եւ Արեւելեան
Հայաստանի բազմերանգ երգերն ու պարերը, տարազներն ու բարբառները, 4 հոկտեմբերին, իր երրորդ եւ եզրափակիչ համերգով՝ Թորոնթոյի «Համազգային» թատերասրահին մէջ, բեմ բարձրացաւ՝ իր առինքնող ու հոգեթով ներկայացումով։ Մթնշաղի շողերով լուսաւորուած բեմին վրայ տեղադրուած փայտեայ օրօրոցը, խնոցին, կաւէ կուժը, ճախարակը եւ ձեռարուեստի նմուշները արդէն կը բանային միտքի դռները դէպի մեր բնօրրանը՝ այն ճանապարհով, ուրկէ անցած են մեր նախնիները։ Համազգայինի շրջանային վարչութեան անդամ եւ օրուան հանդիսավար Յարութ Տոնոյեան բեմ բարձրացաւ, ողջունեց հանդիսատեսը Համազգայինի անունով եւ ըսաւ․ «Մեծ պատիւ է կատարել այս գեղեցիկ երեկոյի բացումը՝ նուիրուած մեր ժողովուրդի հարուստ երաժշտական ու պարային ժառանգութեան։ Այսօր հաւաքուած ենք ո՛չ միայն երաժշտութիւն լսելու, այլ զգալու հայի հոգին՝ երգին, հնչիւնին եւ շարժման միջոցով»։ Ան նաեւ անդրադարձաւ համոյթի պատմութեան եւ անոր գեղարուեստական ղեկավար, կոմիտասագէտ Արթուր Շահնազարեանի անսակարկ նուիրումին՝ ընդգծելով, թէ անոր մասնագիտական խորագիտութիւնն է, որ կը պահէ համոյթին անաղարտ ընթացքը թէ՛ հայրենի բեմերուն, թէ՛ աշխարհի զանազան երկիրներու բեմերուն վրայ։ Երբ բեմին վառ լոյսերը փայլեցան, գունազարդ տարազներով երգիչ-երգչուհիները ներս մտան եւ իրենց տարազներու գոյներով բեմը վերածեցին Սարեանի հնչուն կտաւներէն մէկուն։ Երկու բաժիններով, մօտաւորապէս երեք ժամ տեւողութեամբ, հանդիսատեսին առաջ →3
«Արմատը» Գէորգ Տանայեան Արուեստ եւ մշակոյթ → 25 լենային խոհանո ցը, խա ղեր եւ այլն
→ 26
vol. 20
No 11[219]
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.