«ԽԱԿ ԽԱՂՈՂ ՈՒՏՈՂԻ ԱԿՌԷՔԸ Կ'ԱՌՆՈՒԻ» | Սեպտեմբեր 2025 September
«Բարի վերամուտ» ՀՕՄ-ի վարժարանը՝ լոյսի եւ հաւատքի փարոս Կարծիք → 15
The Ararat Hockey Club unites Armenian youth in Nashville Community → 5
«Ես հօրս՝ Եղիա Քահուէճեանին տուած խոստումս կատարեցի» Համայնք → 6
Ս. Աստուածածնայ վերափոխման եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած ուխտի շաբաթ «ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ» — Ս․ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը թորոնթոհայութեան համար ունի կրկնակի կարեւորութիւն եւ իմաստ։ Տաղաւար տօնին զուհահեռ, մեծ շուքով, տօնական եւ եկեղեցական ծիսակատարութիւններով կը նշուի նաեւ Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը։ Այս տարուան ուխտի շաբաթը տեղի ունեցաւ 11-էն 18 օգոստոսին, հանդիսապետութեամբ՝ Գանատայի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ տ. Բաբգէն ս․ արք. Չարեանի: Հինգշաբթի, 14 օգոստոս 2025-ի երեկոյեան, յաւարտ ժամերգութեան, Սրբազան համերգ տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյս «Զարեհ Ազնաւորեան» դպրաց եւ սարկաւագաց դասերու, ղեկավարութեամբ՝ խմբավար Անուշ Գալստեանի, դաշնամուրի նուագակցութեամբ՝ Թալին Արթինեան Գլըպոզեանի եւ նախագահութեամբ՝ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի: Սրբազան համերգին սկիզբը, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մանօ սրկ. Ճենանեան: Համերգի ընթացքին մատուցուեցաւ Ս. Աստուածածնայ նուիրուած տաղեր ու շարականներ եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ներբողական գանձերէն փունջ մը: Առաջնորդ սրբազան հայրը գնահատեց կազմակերպուած բացառիկ գեղարուեստական ելոյթը, եկեղեցւոյս հոգեւոր հայրերը, հոգաբարձութիւնն ու յատկապէս սոյն ելոյթը կազմակերպող խմբավար Անուշ Գալստեանն ու դաշնակահար Թալին Գլըպոզեանը, «Զարեհ Ազնաւորեան» դպրաց դասն ու անոր պատասխանատուները: Աւարտին պահպանիչ աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտաւ երեկոն: Ուրբաթ՝ 15 եւ շաբաթ՝ 16 օգոստոս 2025-ին, Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ տարեկան քերմէսը (փառատօն), Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ, աւելի քան հազար հինգ հարիւր հայորդիներու մասնակցութեամբ: Երկու օրերու ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտին մէջ քերմէսի գեղարուեստական բաժինը ապահովեցին երգիչներ Կարօ Կապուտակեան եւ Ճորճ
Սարգիսեան: Երեկոյի համադամ ճաշերը պատրաստած էր Հայ կեդրոնի «Համով հոտով» ճաշարանը: Երեկոն նախագահեց Բաբգէն արք. Չարեան։ Ներկայ էին նաեւ Գարեգին ծվ․ Շխրտմեան, Յակոբ վ․ Եագուպեան, Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեան, Նշան քհն․ Մանուկեան եւ հոգաբարձութեան անդամներ ու սարկաւագներ: Պաշտօնական խօսքով հանդէս եկաւ Սրբազան հայրը, շնորհաւորեց Ս. Աստուածածնայ ուխտի օրը, ապա ողջունեց ներկաներուն մասնակցութիւնը՝ խրախուսելով զանոնք՝ միշտ ըլլան եկեղեցւոյ կողքին: Սրբազանը յատուկ գնահատանք յայտնեց երեկոն կազմակերպողներուն ու մեծ թիւով կամաւորներուն եւ այցելեց երեխաներուն համար նախատեսուած վայրը (Kids zone): Ապա, միացաւ մատաղ պատրաստող կամաւորներուն եւ գնահատեց անոնց կատարած աշխատանքը: Ներկայ էին մեծ թիւով պետական ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր, որոնք առանձին հանդիպում ունեցան Առաջնորդ սրբազան հօր եւ հոգաբարձութեան անդամներուն հետ: Ներկայ էին դաշնակցային երեսփոխաններ՝ Ճին Եիփը, Վինսենթ Հօն եւ Քոսթաս Մենենաքիսը, Օնթարիոյի համայնքներու, երեխաներու եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարար Մայքլ Փարսան, նահանգային երեսփոխաններ՝ Արիս Պապիկեանը, Դաւիթ Սմիթը, Ճոնաթան Ցաուն եւ Ռապըրթ Սերժանիքը, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի քաղաքային պատգամաւորներ՝ Շելի Քերըլը, Նիք Մանթասը Պրետ Պրետֆըրտն ու Մայքլ Թամսընը: Կիրակի, 17 օգոստոս 2025-ին, Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին, գիշերուան ամբողջ տեւողութեան կատարուած շարականներով ու աղօթքներով բացուեցաւ հոգեշունչ օր մը, որուն գագաթնակէտը եղաւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին մատուցուած սուրբ եւ անմահ եպիսկոպոսական պատարագը։ Պատարագը մատուցեց Գանատայի Հայոց թեմի → 11 առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, որուն
Ֆիզիքական թերթը համայնքին շօշափելի պատմութիւնն է... Զրոյց → 12 լենային խոհանո ցը, խա ղեր եւ այլն
→ 18
vol. 20
No 9[217]
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.