«ԱՆԶԳԱՄՆ ԱՆԳՈՍՆԷ ԶԽՐԱՏ ՀՕՐ ԻՒՐՈՅ» | Յունիս 2025 June
Կարդացէ՛ք 24 մայիսի հիմնարկէ քի մասին → 3 ՀՕՄ-ի վարժարանի Թելեթոնը հանգանակեց 602 582 տոլար Համայնք → 5
Թորոնթոհայ աշակերտներուն տպաւորիչ ասմունքները սրտեր ջերմացուցին Համայնք → 10
Հայ կեդրոնը կը թեւակոխէ պատմական նոր հանգրուան մը Սալբի Սաղտըճեան ըլլալ, ծրագիրներու վրայ աշխատիլ, գործունէութիւններ ընել, Օտար ափերու վրայ համայնքային կեանքի պայմաններ ստեղծելը եւ համայնքը գործունեայ պահելը կը պահանջէ անսակարկ նուիրում, յարատեւ աշխատանք եւ մեծ հաւատք՝ այդ գաղութի ապագային նկատմամբ։ Այդ տեսլականով առաջնորդուած ծնունդ կ’առնէ Թորոնթոյի հայ կեդրոնը, նախ 18 Dupont փողոցին վրայ, ապա, 1979-ին, կը փոխադրուի 45 Hallcrown Place։ Ժամանակի ընթացքին կեդրոնի տարածքը կ’ընդլայնուի, կը դառնայ իւրաքանչիւր թորոնթոհայու երկրորդ տունը, ուր անոնք կը տանի հայկական հոգեւոր, մշակութային, կրթական, ընկերային, բարեսիրական, մարզական եւ սկաուտական գործունէութիւն։ Հանգրուանային կերպով կառուցուած եւ օրուան պահանջները բաւարարած կեդրոնը ներկայիս կը գտնուի ընդլայնման նոր հանգրուանի մը առջեւ․ այս անգամուան նպատակը Հայ երիտասարդական կեդրոնին կից նոր մասնաշէնքի մը կառուցումն է, որ պիտի ամրապնդէ Հայ կեդրոնին դերը որպէս հայկական մշակոյթի, կրթութեան եւ համայնքային ներգրաւման առանցքային կեդրոնատեղի։ «Վերջին տասնամեակին գաղութը մեծցաւ եւ անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ նոր յարմարութիւններ ստեղծելու։ Այս ծրագիրով Հայ կեդրոնը բաւական կ’ընդլայնուի, որուն կարիքը շատ ունինք այսօր», կը նշէ ACC beyond հանգանակային յանձնախումբի ատենապետ Ռազմիկ Թիթիզեան՝ «Թորոնթոհայ»-ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։ Ընդլայնման նախագիծը կ’ընդգրկէ երկու բաժին՝ հիւսիսային եւ արեւելեան։ Արեւելեան բաժինը բաղկացած պիտի ըլլայ երկյարկանի կառոյցէ մը՝ իր գետնայարկով (basement), առանձին մուտքով եւ վերելակով․ ընդհանուր` տասնվեց հազար քառ․ ոտնաչափ տարածք մը։ Մասնաշէնքը պիտի ունենայ համայնքային սրահ մը (community lounge), ուր երիտասարդները դասերէն ետք պիտի կարենան միասին
պիտի ըլլայ նաեւ ռոպոթաշինութեան շքեղ գիտաշխատանոց (robotics lab) մը, որ յագեցած պիտի ըլլայ laser panel-ով, 3D printer-ով եւ արդիական այլ գործիքներով, որոնք կը շահագրգռեն նոր սերունդը։ Վարի յարկին վրայ պիտի կառուցուի ճաշարան մը՝ իր խոհանոցով (commercial kitchen), առաւել սենեակ մը, ուր միութիւնները պիտի օգտագործեն իրենց ժողովներուն, ձեռնարկներուն համար։ Ընդլայնման ծրագրին համար դեռ 2017-ին հայ համայնքը The Investing in Canada Infrastructure Program (ICIP)-էն շահած էր մօտաւորապէս 3,15 միլիոն տոլար դրամաշնորհ մը, որ բաւական մեծ օգնութիւն էր համայնքին երազը իրականացնելուն։ Թէեւ COVID-19 համաճարակի պատճառով ծրագրի գործադրութիւնը յապաղեցաւ, սակայն վերջին ժամանակաշրջանին յանձնախումբերը լծուած են բուռն աշխատանքի՝ կառուցման փուլը ազդարարելու համար։ Հանգանակային տասներկու հոգինոց յանձնախումբի անդամները բոլորը երիտասարդներ են, որոնք կամաւորապէս եւ աշխուժօրէն կ’աշխատին։ Յանձնախումբը 24 մարտին ազդարարեց հանգանակային արշաւին մեկնարկը։ ACC Beyond արշաւը կ'առաջարկէ հովանաւորութեան հնարաւորութիւններ, ներառեալ նոր ընդլայնման մէջ սենեակներու անուանակոչման առիթներ. հինգ հարիւր տոլարի եւ աւելի նուիրատուութիւնները պիտի ներկայացուին նուիրատուներու պատուոյ պատին վրայ, իսկ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներու՝ հարիւր տոլարէն աւելի նուիրատուութիւնները պիտի մեծարուին ուսանողական հանգստեան սրահին մէջ։ Ռազմիկ Թիթիզեան կը տեղեկացնէ, որ արդէն հաւաքուած է 1,7 միլիոն տոլար։ Ան յոյսով է՝ մինչեւ 2026-ի տարեվերջ կը հասնին նշանակուած թիրախին՝ 9 միլիոնին (որ կը ներառէ նաեւ կառավարութենէն ստացած դրամաշնորհը)։ Յանձնախումբին ատենապետը կը քաջալերէ համայնքի զաւակները իրենց լուման ներդրելու պատմական այս կարեւոր հանգրուանի իրակագործման մէջ։ Խօսելով կառոյցի ճարտարապետութեան մասին, → 21
Երուսաղէ՛մն ալ հայրենիք է, Թորոնթօ՛ն ալ... Կարծիք → 16 լենային խոհանո ցը, խա ղեր եւ այլն
→ 26
vol. 20
No 6[214]
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.