Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #213

Page 1

«ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԾԱՌ Ի ՊՏՂՈՅ ԻՒՐՄԷ ՃԱՆԱՉԻ» | Մայիս 2025 May (ACC Beyond groundbreaking on May 24! Info on page 20!)

Թորոնթօն կ'ոգեկոչէ եւ արդարութիւն կը պահանջէ Լուսարձակ → 4

Վազք` յանուն Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ միասնականութեան Համայնք → 7 Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչում-ընդունելութիւնը նահանգի խորհրդարանին մէջ համախմբեց քաղաքական գործիչներ, հոգեւորականներ եւ թորոնթոհայ համայնքի անդամներ: (լուսանկարը՝ Օննիկ Նազարեանցի)

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը Քուինզ փարքի մէջ համախմբեց Օնթարիոյի քաղաքական գործիչները «ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Չորեքշաբթի, 16 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչում-ընդունելութիւնը նահանգի խորհրդարանին՝ Քուինզ փարքի մէջ համախմբեց քաղաքական գործիչներ, հոգեւորականներ եւ թորոնթոհայ համայնքի անդամներ: Կազմակերպութեամբ՝ Թորոնթոյի հայ դատի յանձնախումբին (ANCT) եւ հովանաւորութեամբ՝ Քաղաքացիութեան եւ բազմամշակութայնութեան նախարարին խորհրդարանական օգնական եւ ՍքարպորօԷյճընքորթի երեսփոխան Արիս Պապիկեանի, ձեռնարկը մեծարեց Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերը՝ հաստատելով հաւաքական յանձնառութիւն՝ յիշողութեան, կրթութեան եւ արդարութեան: Ոգեկոչումը սկսաւ բացման խօսքով, զոր արտասանեց Էլիզապէթ Գանտահարեան՝ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտ եւ Թորոնթոյի ՀՅԴ-ԳԵՄ «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ, որ հանդիսավարի պաշտօնը ստանձնեց նաեւ: Գանտահարեան Թորոնթոյի հայ դատի յանձնախումբին անունով դիմեց հաւաքուած պաշտօնեաներուն եւ հիւրերուն յստակ եւ զօրաւոր պատգամով մը. «Յարգելի հիւրեր, ձեր ներկայութիւնը այսօր մեծ նշանակութիւն ունի, սակայն յիշողութիւնը պէտք չէ՛ դադրի երբ այս արարողութիւնը աւարտի... Մեզի պէտք են ձեր ձայները՝ ոչ միայն լռութեան պահերուն, այլ այն սրահներուն մէջ, ուր կառավարումը կը կիրարկուի եւ որոշումները կը կայացուին»: Իր խօսքին մէջ, ան կոչ ուղղեց ընտրուած պաշտօնեաներուն՝ իրենց ազդեցութիւնը համարձակօրէն եւ հետեւողականօրէն գործածելու Ցեղասպանութեան դէմ պայքարելու, ուրացումը մերժելու եւ պատմական խեղաթիւրումը մարտահրաւէրի ենթարկելու: «Ձեր ցուցաբերած այս համերաշխութիւնը պէտք է դառնայ ամէնօրեայ յանձնառութիւն՝ բարոյական

պատասխանատուութիւն մը, որ արձագանգ կը գտնէ շատ աւելի հեռուներ, քան այս հաւաքոյթն է», աւելցուց ան: Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ հայր Գարեգին Շխրտըմեան աղօթք մը մատուցեց թորոնթոհայ հոգեւորականութեան անունով. ձեռնարկին իրենց ներկայութիւնը բերին Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն հայ առաքելական եկեղեցւոյ, Ս. Գրիգոր հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներն ու հոգեւոր հովիւները: Հայր Գարեգին իր աղօթքին մէջ յարգեց զոհերուն յիշատակը եւ կոչ ուղղեց խաղաղութեան, արդարութեան եւ հայկական ինքնութեան շարունակական պահպանման: Օնթարիոյի խորհրդարանի նախկին խօսնակ Տէյվիտ Ուորնըր սրտառուչ խօսք մը արտասանեց. անդրադառնալով հայ համայնքին հետ իր երկարամեայ յարաբերութեան, Ուորնըր շեշտեց Ցեղասպանութիւնը յիշելու բարոյական հրամայականը եւ գովեց գանատահայերու կրթական եւ շահապաշտպանութեան ջանքերը: Ան անդրադարձաւ նաեւ ներկայի մտահոգութիւններուն, ընդունելով Արցախ վերադառնալու իրաւունքի պայքարը։ Ան Արցախը որակեց իբրեւ հայ ժողովուրդի բնիկ հայրենիք: Բոլոր հիմնական կուսակցութիւններէ քաղաքական առաջնորդներու ներկայութիւնը ցոյց տուաւ երկկողմանի ուժեղ համերաշխութիւն: Անոնց շարքին էր երեսփոխան Արիս Պապիկեան (Սքարպորօ-Էյճընքորթ)՝ Քաղաքացիութեան եւ բազմամշակութայնութեան նախարարին խորհրդարանական օգնականը եւ ձեռնարկին հիմնական հովանաւորը: Իբրեւ Օնթարիոյի օրէնսդիր մարմինին միակ հայ անդամը, Պապիկեան իր խօսքին մէջ խորհրդածեց Ցեղասպանութեան պատմութեան հետ իր անձնական կապերուն մասին: «Իբրեւ երկու ՝ հայկական եւ յունական ցեղասպանութիւններու վերապրողներու երրորդ

→ 21

Արարատը տուն կու գայ Արուեստ եւ մշակոյթ → 16

լենային խոհանո ցը, խա ղեր եւ այլն

→ 22

vol. 20

No 5[213]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #213 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu