«ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ՇԻՆԻ ՏՈՒՆ ԵՒ ՀԱՆՃԱՐՈՎ ԿԱՆԳՆԻ» | Ապրիլ 2025 April (read all about ACC Beyond in English on pages 6 & 27!)
Թորոնթոհայ համայնքի յաջորդ մեծ քայլը՝ դէպի աւելի փայլուն ապագայ «ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»–Երկուշաբթի, 24 մարտին, Թորոնթոյի հայ կեդրոնը յայտարարեց «ACC Beyond» հանգանակային արշաւին մեկնարկը, ձեռնարկելով ընդլայնման կարեւոր նախագիծ մը՝ Հայ երիտասարդական կեդրոնի համալիրը վերափոխելու նպատակով։ Այս ծրագիրը պիտի ամրապնդէ Հայ կեդրոնին դերը որպէս հայկական մշակոյթի, կրթութեան եւ համայնքային ներգրաւման առանցքային կեդրոնատեղի։ «Աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր, Թորոնթոյի հայ կեդրոնը կը հանդիսանայ մեր համայնքին սիրտը. վայր մը, ուր մշակոյթը կը ծաղկի, բարեկամութիւնները կ'աճին եւ աւանդութիւնները կը փոխանցուին: Հիմա, ժամանակը հասած է անցնելու յաջորդ քայլին», կը նշէ Հայ կեդրոնի յայտարարութիւնը: Նախատեսուող ընդլայնման ծրագիրը պիտի աւելցնէ երկյարկանի կառոյց մը՝ նկուղով, ընդհանուր 16,000 քառակուսի ոտնաչափ տարածքով։ Ան պիտի ներառէ ութ արդիական պատրաստութեան սենեակներ, ռոպոթաշինութեան գիտաշխատանոց, բազմանպատակ արուեստի արուեստանոց, ընդլայնուած ճաշարան
եւ խոհանոց, ուսանողական հանգստեան սրահ եւ ընդունելութեան նախասրահ։ Ծրագիրը նաեւ կը նախատեսէ յաւելեալ պատրաստութեան սենեակներ՝ ապագային։ Հայ կեդրոնը ներդրումներ ապահոված է Գանատայի ենթակառուցուածքներու ներդրումային ծրագիրէն (ICIP), ստանալով համատեղ 3 153 923.30 տոլարի նպաստ մը դաշնային եւ նահանգային կառավարութիւններէն (1 720 400 տոլար Գանատայի կառավարութենէն եւ 1 433 523.30 Օնթարիօ նահանգէն)։ Կառավարական աջակցութենէն զատ, ACC Beyond արշաւը կ'առաջարկէ հովանաւորութեան հնարաւորութիւններ, ներառեալ նոր ընդլայնման մէջ սենեակներու անուանակոչման առիթներ. հինգ հարիւր տոլարի եւ աւելի նուիրատուութիւնները պիտի ճանչցուին նուիրատուներու պատուոյ պատին վրայ, իսկ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներու՝ հարիւր տոլարէն աւելի նուիրատուութիւնները պիտի մեծարուին ուսանողական հանգստեան սրահին մէջ։ Հիմնուած 1967-ին, Հայ կեդրոնը եղած է թորոնթոհայ → 22
Թորոնթոհայ Էյմի Գազանճեանի արուեստը Արուեստ եւ մշակոյթ → 9
Դէպի հող. վարժարաններու Հայաստան այցելութիւնները Կարծիք → 18
Mapping Armenian women’s voices By Sophia Alexanian Spotlight → 20 լենային խոհանո ցը, խա ղեր եւ այլն
→ 25
vol. 20
No 3[212]
GROUNDBREAKING ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ The Armenian Community Centre of Toronto invites you all to attend the Groundbreaking Ceremony for the new AYC expansion project.
S AT U R D AY, M AY 2 4 , 2 0 2 5 11:00AM - 1:00PM Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը ձեզ կը հրաւիրէ Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի ընդլայնումի ծրագիրի հիմնարկէքի արարողութեան:
@accbeyond ACC Beyond
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
ՇԱԲԱԹ 24 ՄԱՅԻՍ 2025 A r m e n i a n Yo u t h C e n t r e | Հ ա յ Ե ր ի տ ա ս ա ր դ ա կ ա ն Կ ե դ ր ո ն 5 0 H a l l c r o w n P l a c e , N o r t h Yo r k
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.