«ԼԱՒ Է ԿՈՅՐ ԱՉՕՔ ՔԱՆ ԿՈՅՐ ՄՏՕՔ» | Փետրուար 2025 February
Թորոնթոհայ համայնքի հերթական հպարտութիւնը. Լենա Կարապետեան կը ստանձնէ Մեսրոպեան վարժարանի ղեկը Ռուբէն Ճանպազեան
Արցախահայութեան մարտահրաւէրներն ու մեր յանձնառութիւնը Համայնք → 4
Helping shape Armenia’s AI future: How a TorontoArmenian is innovating in Yerevan
«Փոքր տարիքէս, հայկական համայնքը եղած է իմ հայակերտման հիմքս, իմ ընտանիքս»։ Այս խօսքերով կը սկսի իր պատմութիւնը Լենա Կարապետեանը, Թորոնթոյի հայ համայնքի հպարտ զաւակը, որ վերջերս նշանակուեցաւ Լոս Անճելոսի Մեսրոպեան ազգային վարժարանի տնօրէնուհի։ Անոր նշանակումը կը հանդիսանայ կարեւոր հանգրուան մը ո՛չ միայն իր անձնական եւ մասնագիտական կեանքին մէջ, այլ նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքի պատմութեան համար։ Թորոնթոհայ արմատներ Լենան ծնած ու մեծցած է Թորոնթօ: Ծնողքը՝ Աւետիս եւ Լիւսի Կարապետեանները, աչալուրջ եղած են Լենային դաստիարակութեան, որ հիմնուած էր հաւատքի, հայկական աւանդոյթներու, լեզուի ու արժէքներու վրայ։ Լենան կը պատմէ՝ «Մեր ծնողները հաստատ էին իրենց յանձնառութեան մէջ, համոզուած ըլլալով, որ եղբայրս՝ Րաֆֆին եւ ես մեծնանք հայկական համայնքի շրջանակներուն մէջ՝ միշտ պահելով մեր լեզուն, կրօնքը, մշակոյթը կամ ժառանգութիւնը»։ Լենան մկրտուած է Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Հայկական հաւատքը դարձած է իր ինքնութեան հիմնասիւներէն մէկը։ Տան մէջ միայն հայերէն խօսած են, ինչ որ ո՛չ միայն ամրապնդած է իր լեզուական հմտութիւնները, այլ նաեւ զօրացուցած կապը իր արմատներուն հետ։ Նախնական կրթութիւնը սկսած է հայկական ամէնօրեայ դպրոցէն, ապա՝ շարունակած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ։ 2012-ին, իր մօր օրինակին հետեւելով, վերադարձած է նոյն վարժարանը՝ այս անգամ իբրեւ ուսուցչուհի. պաշտօն մը, որ իր ուղին ամբողջացուցած եւ առիթ տուած է վերադարձնելու համայնքին այն ամէնը՝ զոր ստացած էր։ Դպրոցական կեանքէն անդին, Լենան եղած է գործօն մասնակից հայկական կեանքի իւրաքանչիւր ոլորտին մէջ։ Ան ներգրաւուած է բազմաթիւ կազմակերպութիւններու եւ գործունէութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ), Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասին ու համայնքի հայկական պարախումբերուն։ Ուսանողութեան տարիներուն ան աշխատած է՝ ՀՕՄ-ի ամառնային եւ «Արարատ» ճամբարներուն մէջ եւ մասնակցած բազմաթիւ հայկական երիտասարդական նախաձեռնութիւններու։ «Այս փորձառութիւնները
Conversation → 10
What does it take to research Armenian studies? Opinion → 18
ինծի համար էական դեր խաղցան՝ համայնքային պատկանելիութեան, պատասխանատուութեան եւ ղեկավարութեան ձեւաւորման մէջ», կը բացատրէ ան։ Ակադեմական եւ մասնագիտական փայլուն ուղի Թորոնթոյի համալսարանին (University of Toronto) մէջ, ուրկէ ստացած է պսակաւոր արուեստից վկայական, Լենան համանախագահած է Հայ ուսանողական միութիւնը։ Ան աշխուժօրէն աշխատած է՝ քաջալերելու հայկական մշակոյթը եւ ժառանգութիւնը համալսարանական շրջանակէն ներս։ Ապա շարունակած է իր ուսումը՝ կրթական ճիւղին մէջ ստանալով մագիստրոսի աստիճան ու մասնագիտանալով՝ առաջնորդութեան, ուսումնական ծրագիրներու մշակման եւ ճարտարարուեստի ուսմունքին մէջ։ 2016-2021 թուականներուն, ան պաշտօնավարած է Թորոնթոյի հեղինակաւոր «Մեթրոփոլիթըն Փրեփարաթըրի ակադեմիա»-էն ներս՝ իբրեւ վարիչ եւ անգլերէն բաժնի պատասխանատու: Լենան հոս կատարելագործած է իր առաջնորդութեան եւ ուսումնական ծրագիրներու մշակման հմտութիւնները։ Թորոնթոյի կաթողիկէ վարժարաններու խորհուրդին մէջ իր ստանցնած դերերը՝ նախակրթական, միջնակարգ եւ երկրորդական մակարդակներու վրայ, աւելի եւս զօրացուցած են իր փորձառութիւնը կրթութեան եւ ուսանողներու ներգրաւման մէջ։ Նոր հանգրուան Այժմ, որպէս Մեսրոպեան ազգային վարժարանի նորանշանակ տնօրէնուհի, Լենան յստակ տեսլական մը ունի։ «Իմ տեսլականս յաջորդ հինգ տարիներուն համար կեդրոնացած է երեք հիմնական սիւներու վրայ՝ ակադեմական բարձր չափանիշներ, STEAM (Science, Technology,
→5
լենային խոհանոցը, խաղեր եւ այլն
→ 22
vol. 20
No 2[210]
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.