«ՄԻ՛ ԵՐԿՆՉԻՔ, ԶԻ ԱՀԱՒԱՍԻԿ ԱՒԵՏԱՐԱՆԵՄ ՁԵԶ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾ» | Յունուար 2025 January
2025
Մեր ուժը մեր կենդանի ժառանգութեան մէջ է 2024 թուականը եղաւ հակասութիւններու տարի մը. տարի մը, երբ կորուստի խոր ցաւը եւ վերածնունդի յոյսը միաժամանակ դրոշմեցին մեր համայնքային կեանքը։ Արցախի ողբերգութեան դառն իրականութեան դիմաց, Թորոնթոյի հայ համայնքը ոչ միայն չընկրկեցաւ, այլ աւելի եւս ամրապնդեց իր հաւաքական կամքը՝ գործելու, ստեղծագործելու եւ վերականգնելու։ Այս տարի, մեր համայնքը վկայեց, որ հայկական ինքնութիւնը սոսկ անցեալի մասին չէ, այլ՝ ներկայի եւ ապագայի կենդանի իրականութիւն է։ Մեր ամէնօրեայ վարժարանը, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցները դարձան ոչ միայն հայկական կրթութեան, այլ նաեւ` նորարարութեան կեդրոններ։ Մեր երեք յարանուանութիւնները՝ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները, հարստացան երիտասարդ հոգեւորականներով, որոնք բերին թարմ շունչ՝ միաժամանակ պահպանելով մեր հաւատքի խոր արմատները։ Մարտին «Թորոնթոհայ»-ի 200-րդ թիւի հրատարակութիւնը խորհրդանշեց այն ամէնը, ինչ կը նշանակէ ապրող համայնք ըլլալ։ Տպագիր թերթին վերածնունդը եւ թուային ներկայութեան եկող ընդլայնումը ցոյց տուին, որ աւանդականն ու արդիականը կրնան գոյակցիլ եւ զօրացնել զիրար։ Ճիշտ ինչպէս մեր լեզուն, որ պէտք չէ սառի մագաղաթի էջերուն վրայ, այլ պէտք է շարունակէ ապրիլ նոր սերունդի ստեղծագործ երեւակայութեան մէջ։ Սակայն մինչ կը նայինք դէպի ապագայ, երբեք չենք մոռնար մեր անցեալը եւ անոր դասերը։ Արցախի ողբերգութիւնը վերստին յիշեցուց մեզի, որ ժողովուրդի մը գոյատեւումը կախեալ է ոչ միայն անոր նորոգուելու կարողութենէն, այլ նաեւ՝ իր պատմութիւնը յիշելու եւ անկէ սորվելու պատրաստակամութենէն։ Մեր համայնքը ցոյց տուաւ այս գիտակցութիւնը՝ արձագանգելով Արցախի կարիքներուն` աննախընթաց առատաձեռնութեամբ։ Մեր համայնքային կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները գործեցին օրինակելի
համագործակցութեամբ՝ արձագանգելով թէ՛ տեղական եւ թէ՛ հայրենի կարիքներուն։ Պատմական թիւով նուիրատուութիւններ եւ կտակներ վկայեցին մեր ժողովուրդին վստահութիւնը՝ այս հաստատութիւններուն հանդէպ։ Անոնք ոչ միայն կը պահպանեն մեր անցեալի յիշատակները, այլ նաեւ կը կերտեն մեր ապագան՝ նոր սերունդին փոխանցելով մեր ժողովուրդին արժէքներն ու տեսլականը։ Մեր բարբառները, որոնք երբեմն կը հնչեն Թորոնթոյի հայկական կեդրոններուն ու Երեւանի այգիներուն մէջ, կը յիշեցնեն մեզի, որ մեր ինքնութիւնը բազմաշերտ է։ Անոնք կը վկայեն մեր պատմութեան հարստութեան մասին եւ կը դառնան կամուրջներ՝ տարբեր սերունդներու եւ աշխարհագրութիւններու միջեւ։ Իւրաքանչիւր «Ո՞ր ընտանիքէն ես», «Ո՞ր ընտանիքից ես» կամ «Օո՞ւմ ըրմեյննըս» հարցումը աւելին է քան պարզ հետաքրքրութիւն. ան յիշեցում մըն է մեր արմատներուն եւ կոչ մը՝ զանոնք պահպանելու եւ, ինչո՞ւ չէ՝ զարգացնելու: Այսօր, երբ կը հետեւինք Միջին Արեւելքի մէջ տիրող անորոշութեան, անկարելի է չ յիշել 2015-ը. շուրջ իննը տարի առաջ մեր համայնքը իր գիրկը առաւ իր սուրիահայ քոյրերն ու եղբայրները: Այն օրերուն, մեր համայնքային կեդրոններն ու եկեղեցիները վերածուեցան ապահով օճախներու՝ պատերազմէն հեռացող հայ ընտանիքներուն համար։ Այսօր, Սուրիոյ մէջ նոր տագնապներու դիմաց, շատերու հարազատներուն եւ բարեկամներուն ճակատագիրը կը մնայ անորոշ եւ անապահով։ Այս իրողութիւնը կը վերյիշեցնէ մեզի, թէ մեր համայնքային պարտաւորութիւնը չի սահմանափակուիր մեր քաղաքին մէջ։ Ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր, պէտք է պարտաստ ըլլալ զօրավիգ կանգնելու ծանր պայմաններու մէջ ապրող սուրիահայութեան ու լիբանանահայութեան, թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական, ու հարկ եղած պարագային պատրաստ ըլլալ մեր դռները լայն բանալու բոլոր անոնց առջեւ, որոնք ապահով ապաստան կը փնտռեն։ 2025-ին «Թորոնթոհայ»-ը կը →3
Ontario Legislature declares Orthodox Christian Week Community → 3
«Հայաստանը միայն հանգստի վայր չէ, այլ երկիր է, որտեղ շատ գործ կայ անելու» Զրոյց → 16
Նամակներ՝ խմբագիրին/Letters to the editor Կարծիք/Opinion → 24 ամանորի բաւիղ + եւ այլն/etc. → 28
շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ ծնունդ...
vol. 20
No 1[209]
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.