«ՔԵԶ ՄԱՍԻՍՆ ԵՄ ԿՏԱԿՈՒՄ, ՈՐ ԴՈՒ ՊԱՀԵՍ ՀԱՒԻՏԵԱՆ» | Դեկտեմբեր 2024 December
Սերունդներու գոյատեւումին համար մնայուն ժառանգութիւններ՝ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին եւ հայ ուսանողին Երամեան քոյր-եղբօր աննախադէպ 728 հազար տոլարի կտակը գանատահայ hիմնադրամին պիտի նպաստէ ՀՕՄ-ի վարժարանին. Անի Տէմիրճեանի 300 հազար տոլարի կտակը՝ Գանատահայ ուսանողներու համար (էջ՝ 2) ԹՈՐՈՆԹՕ- Հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման գործին իրենց ամբողջ կեանքը նուիրաբերած Յակոբ եւ Սիրարփի Երամեան քոյրեղբայրը (նկարուած) իրենց երկրային կեանքի վերջին կտակով անգամ` հայապահպանման ու հայ կրթական օճախի հզօրացման ջահը վառ ու լուսաշող կը պահեն: Երամեաններու իշխանական ու աննախադէպ կտակը (ընդհանուր գումար՝ 728 317 տոլար եւ 66 սենթ) վերջերս, անոնց խնամակալութեան կողմէ յանձնուեցաւ Գանատահայ հիմնադրամին (ԳՀ): Անիկա պիտի ծառայէ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի գոյեատեւումին ու անոր յաջող վերելքին: Երամեան քոյր-եղբօր կտակը, որ խորհրդանիշն է իրենց ամբողջ կեանքի վաստակին, աւելին է քան պարզ նուիրատուութիւն մը. ան կու գայ միանալու աւելի քան 11 միլիոն տոլարի գանատական հիմնադրամին։ Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող ԳՀ-ն, որ արդէն իսկ տարեկան 400 000 տոլարէ աւելի կը տրամադրէ գաղութիս կրթական, մշակութային եւ ազգապահպան միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, այս վերջին կտակով վստահ պիտի կարենայ աւելի ընդարձակել իր բարենպաստ գործունէութեան դաշտը: Պոլսոյ զաւակներ Յակոբ Օննիկ եւ Սիրարփի Եֆտիք Երամեանները հայ ժողովուրդի օրհասական օրերուն եւ առ այդ իրենց կեանքի ճամբուն վրայ, Իրաքէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ եւ վերջապէս մինչեւ Գանատա, հայ մնալու եւ հայ դաստիարակելու վեհ տեսիլքը ունեցած են ընդմիշտ: Յակոբ, որ իր խոր մտաւորականի հակումներով երեւելի էր համայնքին մէջ, որպէս անգլերէն լեզուի դասախօս, հեղինակային իր ասպարէզին մէջ երբեք չէ մոռցած իր պատկանելիութիւնն ու հայկական արմատները: Պաղտատի ամերիկեան վարժարանէն սկսած՝ իր ուսումը շարունակած է մինչեւ Փենսիլվանիոյ «Ֆրանքլին եւ Մարշըլ» քոլէճ եւ Պոստոնի համալսարան, ուր ստացած է անգլերէն գրականութեան եւ գիտութեան բարձրագոյն վկայականները՝ պատուոյ յիշատակութեամբ: Սիրարփի Երամեան Իրաքի մէջ ճանչցուած էր որպէս հմուտ կանացի տարազներու ձեւաւորող, սակայն ան՝
«Միջագետք՝ բնօրրան քաղաքակրթութեան» 30-րդ «Տոհմիկ օր»-ը Լուսարձակ → 14
Ծանօթացէ՛ք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր տեսուչին Զրոյց → 10
Finding Victoria Rowe: A guide to finding former researchers Opinion → 20
իր անձնական հեռակայ ծրագիրները մէկդի դնելով՝ կը հաստատուի Թորոնթօ իր հիւանդ մօր խնամքը ստանձնելու համար: Հայութեամբ տագնապող Երամեանները դարձան Հայ կեդրոնին մէջ մշտական ներկայութիւն: Յակոբ Երամեանի ներկայութիւնն ու ներդրումը զգալի էր մանաւանդ որպէս Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի երկար տարիներու վարչական անդամ: Յակոբն ու Սիրարփին իրենց բարոյական եւ նիւթական համեստ, բայց իմաստալից ներդրումներով, յատկապէս ՀՕՄ-ի վարժարանի կրթական ծրագիրներուն մէջ, լուռ բայց արդիւնաւէտ աշխատանք տարին: 2004ին, Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ դասարանի մը հովանաւորութիւնը կը վկայէ անոնց խորիմաստ համոզումը, որ հայեցի կրթութիւնն է սփիւռքի գաղութներու գոյատեւման գրաւականը: ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը, որ այսօր Օնթարիոյի ամենամեծ գանատահայ եռալեզու կրթական հաստատութիւնն է, կը շարունակէ Երամեաններու երազած առաքելութիւնը: Հոս է, որ 650-է աւելի աշակերտներ կը ստանան հայկական դաստիարակութիւն՝ միաժամանակ հետեւելով Օնթարիոյի կրթական նախարարութեան ծրագիրներուն: Վարժարանը դարձած է ոչ միայն ուսումնական կեդրոն, այլ նաեւ՝ հայապահպանման ու հայազարգացման իսկական դարբնոց մը: «Յակոբ եւ Սիրարփի Երամեանները իրենց համեստ ու անաղմուկ կեանքով օրինակ եղան մեզի՝ բոլորիս»,- կ'ըսէ ԳՀ-ի նախագահ Լեւոն Հասըրճեան,- «Անոնց այս վերջին կտակը կը պսակէ իրենց ազգանուէր կեանքի գործունէութիւնը եւ կը դառնայ յուշարձան մը՝ յիշեցնելու մեզի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ իսկական անանձնական նուիրումը»: Երամեան քոյր-եղբօր արտասովոր նուիրատուութեան կողքին, Անի Տէմիրճեանի 300 000 տոլարի կտակը պիտի սատարէ Գանատայի հայ ուսանողներուն՝ ԳՀ-ի միջոցով շնորհուելիք կրթաթոշակներով: →
եւ այլն/etc . → 26
vol. 19
No 12[208]
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.