«ՉԻՒՐ ԹԸՂ ԲՌՆԻՍ, ԿԱՆԱՉ ԹԸՂ ԴԱՌՆՈՒ» | Հոկտեմբեր 2024 October
Ընտանիքի անդամներէն հազարաւոր քիլոմեթր հեռու ապրիլը յաճախ սիրտ կը ճմլէ. սակայն բախտաւոր եմ, որ ծնողքս գրեթէ, առանց բացառութեան, ամէն տարի Հայաստան կու գան այցելութեան: Այս տարի խելքս գլուխս հաւաքեցի, համոզեցի, որ աշնան փոխարէն` ամրան կիսուն գան, որ Օհանաւանի մեր պարտէզին անուշահամ պտուղներէն «օգտուին» (ինչպէս հոս կ’ըսեն): Մտքովս անցաւ՝ ինչպէ՞ս պիտի դիմանան առանց մեր պէսպէս կեռասներուն, ոսկեգոյն ծիրանին ու համով սալորին: Անոնց անմոռանալի այցելութեան ուրախութեան մէջ սակայն, յանկարծ սրտաբեկ լուր մը ստացանք․ տարիներ առաջ Թորոնթոյէն Հայաստան փոխադրուած մեր սիրելի ընտանեկան բարեկամը մահացած էր: Անակնկալ կորուստը խորապէս ցնցեց մեզ՝ տխուր շուք մը ձգելով միասին անցուցած մեր ուրախ ժամանակին վրայ: Յուղարկաւորութեան կանուխ հասանք եւ որոշեցինք քալել եկեղեցւոյ կից այգիին մէջ: Մեզմէ ոչ մէկը նախապէս եղած էր հոն ու հետաքրքրական էր բացայայտել այս նորութիւնը: Մինչ կը թափառէինք, յանկարծ մեր դիմաց բարձրացաւ հսկայ ու գեղեցիկ, Խորհրդային շրջանի յուշարձան մը՝ կառուցուած կարմիր տուֆով: Հետաքրքրուած, փնտռեցինք ցուցատախտակ մը կամ որեւէ նշան, որ կը բացատրէր թէ ի՞նչ կը ներկայացնէր յուշարձանը: Չգտանք: Անհամբեր, հեռաձայնով «Ուիքիփետիա»-ն բացի եւ սկսանք կարդալ անոր մասին: Պարզուեցաւ, որ յուշարձանը նուիրուած էր Սեբաստիոյ զաւակներուն, որոնք զոհուած էին Հայոց
«Օո՞ւմ ըրմեյննըս» («Ո՞ր ընտանիքէն ես»)
Ռուբէն Ճանպազեան
ՌսՆ******
ցեղասպանութեան ընթացքին: Մինչ կը կարդայինք, այգիին հոգատար պարտիզպանը՝ Աւետիսը, մօտեցաւ մեզի, հետաքրքրուած՝ մեր յուշարձանին հանդէպ ունեցած ուշադրութեամբ: Բացատրեց, որ իրօք ան նուիրուած էր 1915-ի ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ, որ ճարտարապետը Ռաֆայէլ Իսրայէլեան է: «Գիտե՞ս, Իսրայէլեան նաեւ ճարտարապետն է Սարդարապատի յուշահամալիրին եւ Մուսա Լեռան յուշարձանին», ըսաւ հայրս, Մուսա լեռական հպարտութեան երանգ մը իր ձայնին մէջ: Աւետիս խանդավառութեամբ գլուխը վեր ու վար շարժեց ու ըսաւ․ «Ճի՛շդ. գիտե՞ս, մերոնք Ճեպել Մուսայից են եկել», ու կայծակնային արագութեամբ խօսակցութիւնը փոխուեցաւ Մուսա Լեռան բարբառով: «Վա՛յ. օ՞մ ըրմեյննես» («Ո՞ր ընտանիքէն ես»), հարցուց հայրս այն բարբառով, որմէ ես միայն պատառիկներ գիտէի… Աւետիսը ծնած եւ մեծցած էր Հայաստան. Այնճարէն՝ հօրս ծննդավայրէն հայրենադարձներու զաւակ էր. անոնք եկած էին 1940-ականներուն, «Մեծ հայրենադարձութեան» ընթացքին: Անհաւատալի էր տեսնել այս մարդը, որ կը պահպանէր իր ժողովուրդին հազուադէպ լսուած բարբառը եւ այնքան բնականօրէն կը խօսակցէր հօրս հետ, որ այցելութեան եկած էր հազարաւոր քիլոմեթրերու հեռաւորութենէ: Անոնց զրոյցը լսելով՝ յանկարծ մեղքի զգացում մը պատեց զիս: Ինչո՞ւ չէի սորված այս բարբառը, որ այնքան կարեւոր մաս կը կազմէր
→ 21
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 46-րդ վերամուտը Համայնք → 3
Bridging histories: An exclusive interview with Alan Whitehorn Զրոյց → 12
Նամակներ՝ խմբագիրին/Letters to the editor Opinion → 19
Լենային հայկական [vegan] խոհանոցը + խաչբառ + Armen's math corner + առանձնատառ
→ 22-23
vol. 19
No 10[206]
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.