Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #205

Page 1

«ՏՈ՛ՒՔ ԶՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ Ի ՄԻ ԲԵՐԱՆ» | Սեպտեմբեր 2024 September

«Ճախրանք» ներկայացումը հմայեց թորոնթոհայութիւնը Համայնք → 4

30-րդ «Տոհմիկ օր»-ը պիտի նուիրուի Միջագետքին եւ Իրաքի հայ գաղութին Զրոյց → 14

Թորոնթոհայութեան համար պատմական անդրանիկ ձեռնադրութիւն Գաղութի զաւակ Հայկ սրկ. Շահինեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի, 18 oգոստոս 2024-ին, Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առընթեր, պատմական օր մըն էր Թորոնթոյի հայ գաղութին համար։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներով, որոնք՝ հոգեպարար յուզումով եւ հպարտանքի զգացումներով լեցուած՝ եկած էին մասնակից ըլլալու գաղութի զաւակ Հայկ սրկ. Շահինեանի քահանայական ձեռնադրութեան։ Գաղութի պատմութեան մէջ առաջին դէպքն է, երբ թորոնթոծին հայորդիի մը քահանայական ձեռնադրութիւնը կը կատարուէր Թորոնթոյի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Հայկ սրկ. Շահինեանը ծնած է 23 յունուար 1995ին, Թորոնթօ։ Ան բարեպաշտ Կիրակոս եւ Մարիամ Շահինեաններու ընտանիքին անդրանիկ զաւակն է։ Նախնական ուսումը ստացած է Our Lady of Peace Լատին կաթողիկէ կրթարանին, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Թորոնթոյի Սուրբ Միքայէլ վարժարանին մէջ։ Բարձրագուն ուսումը ստացած է նախ՝ Թորոնթոյի Trinity College-ին մէջ աւարտելով՝ միջազգային յարաբերութեանց, տնտեսագիտութեան եւ Ֆրանսերէն լեզուի բաժանմունքները, այնուհետեւ մեկնած է Հռոմ, ուր յաճախած է հայկական «Լեւոնեան», ապա «Գրիգորեան» համալսարանը՝ 6 տարի ուսանելով փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն։ Այնուհետեւ՝ Թորոնթոյի Regis College-ին մէջ արժանացած է հոգեբանութեան մագիստրոսի տիտղոսին։ 2023-ի սեպտեմբերին, ամուսնութեան Սուրբ պսակի խորհուրդին կ’արժանանայ իր կողակիցին՝ Մարինէի (Գրիգորեան) հետ։ Նոյն տարին կիսասարկաւագութեան աստիճան կը ստանայ, իսկ 2024-ի յունիսին կը ձեռնադրուի սարկաւագ Կլենտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ Մայր տաճարին մէջ։

Քահանայական ձեռնադրութենէն օր մը առաջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան կանոնական աղօթքներով՝ քահանայի ձեռնադրութեան Կոչման կարգը կատարուեցաւ, երբ խարտաւիլակ հայր Եղիա ծվ․ Գիրէջեան ներկայացուց քահանայութեան թեկնածուն։ Կիրակի օրուան արարողութեան եկեղեցին կը կը յորդէր հրաւիրեալներու հոծ բազմութեամբ եւ հաւատացեալներով, որոնց մեծ մասը ոտքի կը հետեւէր արարողութեան։ Հիւրաբար ներկայ կը գտնուէին՝ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին հայց. առաք․ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ. Վարդան ծվ․ Թաշճեանը իրեն ընկերակցող սարկաւագներով, Նիւ Եորքի Լատին Կաթողիկէ թեմական վարդապետ Թոմաս Քրէն, Միսիսոկայի Ս. Վարդան հայց. առաք․ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ. Միւռոն քհն. Սարգիսեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Արա Պալըքճեան, Թորոնթոյի եւ Գանատայի զանազան հայկական կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ հայ եկեղեցիներու Միջյարանուանական մարմինի, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի, Հայ օգնութեան միութեան «Ռուբինա» մասնաճիւղի, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Նոր հայ հորիզոն»-ի, «Թորոնոթոհայ» թերթի ներկայացուցիչներ եւ Գանատայի զանազան քաղաքներէ ժամանած Հայ կաթողիկէ, Հայ առաքելական եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիններու հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ՝ նորօծ քահանային ընտանեկան պարագաները։ Սուրբ պատարագը եւ ձեռնարդութեան կարգը մատուցանեց Ամերիկա Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ տէր Միքայէլ եպս. Մուրատեանը՝ իրեն առընթերակայ ունենալով հայր Արմենակ վրդ. Պետրոսեանը եւ Ռիչըրտ Շաքլ տէր հայրը, ինչպէս նաեւ՝ սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները Եկմալեան եղանակով → 28

Armenian beauty culture examined Opinion → 21

Լենային հայկական [vegan] խոհանոցը + խաչբառ + Armen's math corner + առանձնատառ

→ 22-23

vol. 19

No 9[205]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #205 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu