«ՈՒՋԱՂԵՆ ՄՈԽԵՐԸ ՔԱՄՈՒՆ ՉԸՆ ՏԱԼ» | Օգոստոս 2024 August
How a digital library is changing the online conversation around Artsakh Community → 6
Արմէնուհի Գոլոլեանի յիշատակին Համայնք → 10
Տիրուկին հետ. Հեռախօսամոլութիւն Սիւնակ → 19
Մարքամի «Յուսոյ անտառ» պուրակին մէջ կայացաւ գանատացի բուժքոյր Սառա Քորնինկի յուշարձանի բացումը (լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի)
Սառա Քորնինկի յուշարձանը տեղադրուեցաւ Մարքամի մէջ 13 յուլիսին, Մարքամի «Յուսոյ անտառ» պուրակին մէջ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու փրկարար, գանատացի բուժքոյր Սառա Քորնինկի յուշարձանի բացման արարողութիւնը։ Մարքամի քաղաքապետութեան եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնի նախաձեռնութեամբ՝ Սառա Քորնինկի յուշարձանի բացման արարողութեան հանդիսավարն էր ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Ալիք Պարսամեանը։ Անոր բացման խօսքէն ետք Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ տ. Վարդան ծվ․ Թաշճեանի աղօթքով սկիզբ առաւ հանդիսութիւնը։ Յատուկ ուղերձներով ելոյթ ունեցան Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի, Եար Մութի քաղաքապետ Փամ Մուտ, Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Հելենա ժազէք, Փոլ Չիանկ եւ Պրատ Րետեքոփ, Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամներ Լոկան Քանափաթի եւ Արիս Պապիկեան, Թորոնթոյի հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նշան Աթիքեան, որոնք դրուատեցին իր կեանքը մարդկութեան նուիրաբերած գանատացի բուժքոյր Սառա Քորնինկի բարեգործական առաքելութիւնը։ Քօղածածկոյթի վերացման արարողութիւնը կատարեցին քաղաքապետներ Ֆրանք Սքարփիթի, Փամ Մուտ, ինչպէս նաեւ՝ Թորոնթոյի հայ կեդրոնի նախագահ Վահան Աճեմեան ու Թորոնթոյի հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նշան Աթիքեան։ Հանդիսութեան գլխաւոր պատգամաբերն էր Sara Corning Centre for Genocide Education հիմնարկի հիմնադիր Րաֆֆի Սարգիսեանը, որ ներկայացուց եւ արժեւորեց Սառա Քորնինկ մարդասէրի կեանքն ու գործունէութիւնը:
Սառա Քորնինկ ծնած է Գանատայի Նովա Սքոշիա նահանգի Եարմութ քաղաքին մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Ամերիկայի կարմիր խաչի բուժքոյր եղած է։ 1919-ին Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէին (Near East Relief) կողմէ գործուղղուած է Փոքր Ասիա՝ օժանդակելու թրքական սպանդներէն փրկուած յոյն, հայ եւ ասորի գաղթականներուն: Քորնինկ փրկած է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ որբեր: Իբրեւ բուժքոյր, 1919 թուականին որոշ ժամանակահատուածի մը ընթացքին գործած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ օգնութեան ձեռք երկարած հարիւր հազարաւոր հայ գաղթականներու, որոնցմէ շատեր վարակիչ հիւանդութիւններէ կը տառապէին: Քորնինկ մահացած է իր ծննդավայր Եարմութի մէջ, 1969-ին, 97 տարեկանին: Յուշարձանի հեղինակն է գանատահայ քանդակագործ Կարէն Պետրոսեանը։ Նշենք, որ 14 սեմպտեմբեր 2019ին, Նովա Սքոշայի Եարմութ քաղաքի պատմութեան թանգարանի շրջափակէն ներս, տեղի ունեցաւ բացումը Հայոց ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Քորնինկի արձանին, որուն հեղինակ-քանդակագործը նոյնպէս կերպարուեստագէտ Կարէն Պետրոսեանն է, իսկ մեկենասները՝ տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեանները: Քորնինկի գործունէութիւնը առաւել եւս հանրածանօթ դարձնելու նպատակով՝ 2016-ին ստեղծուեցաւ «Սառա Քորնինկ» կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ 2011-ին Թորոնթոյի ցեղասպանութեանց ուսմանց կեդրոնը կոչուեցաւ Սառա Քորնինկի անուամբ: ֎
Լենային հայկական [vegan] խոհանոցը + խաչբառ + Armen's math corner + առանձնատառ
→ 22-23
vol. 19
No 8[204]
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.