Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #202

Page 1

«ՏՈՒՆՔ ԱՄՊԱՐՇՏԱՑ` ԿՈՐԾԱՆԵՍՑԻՆ. ՅԱՐԿՔ ԱՐԴԱՐՈՑ` ՕՐՀՆԵՍՑԻՆ» | Յունիս 2024 June

Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ շաբաթօրեայ վարժարանի տեսլականն է շարունակել պատրաստել հայասէր ու հայրենասէր սերունդներ Սալբի Սաղտըճեան եւ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան Կ’ապրինք յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ, ուր հայ ազգը՝ ըլլայ Հայաստանի եւ ի մասնաւորի սփիւռքի մէջ, կը դիմագրաւէ ազգապահպանութեան եւ հայապահպանութեան բազում մարտահրաւէրներ։ Այս մարտահրաւէրները յաղթահարելու պատասխանատու գործին մէջ կենսական դեր վերապահուած է հայկական դպրոցներուն եւ ուսուցիչներուն։ Հայ դպրոցը հայակերտման այն օճախն է, ուր հայ մանուկն ու պատանին ո՛չ միայն ուսում եւ կրթութիւն կը ստանան, այլ՝ Մեսրոպեան տառերով հաղորդուելով, անոնց մէջ կը սերմանուի հայեցի դաստիարակութիւնը: Ան հայ ոգին կանգուն պահող սիւնը կը համարուի սփիւռքի մէջ։ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանը կը հանդիսանայ հայակերտումի կարեւոր կրթօճախներէն մէկը Թորոնթոյի գաղութէն ներս։ Սուրբ Երրորդութիւն հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող դպրոցին առաքելութիւնն է հայ մանուկին եւ պատանիին ծանօթացնել հայկական ժառանգութիւնը՝ ուսումնասիրելով անոր հարուստ եւ բազմաբնոյթ մշակոյթը, պատմութիւնը, արուեստը, գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը՝ հայոց լեզուի սերտողութեան ընդմէջէն։ 1965-ին հիմնուած դպրոցը ծնունդ է թորոնթոհայ քանի մը ազգայիններու հեռատես որոշումին, որուն նպատակն էր Թորոնթոյի նորակազմ հայ գաղութի զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւն ապահովելը։ Առաջին տարին

շաբաթօրեայ դպրոցը կը սկսի գործել ունենալով ընդամէնը եօթը աշակերտ։ Ս. Երրորդութիւն հայց. առաք. եկեղեցւոյ օրուան Ծխական խորհուրդին հաւանութեամբ՝ իւրաքանչիւր հինգշաբթի երեկոյ, ժամը 7-էն 9-ը, եկեղեցւոյ ներքնասրահը կ’օգտագործուի որպէս դպրոց։ Յետագային կը կազմուին Խնամակալ մարմինը եւ Ծնողաց յանձնախումբը, որոնք կը ստանձնեն աշակերտներուն փոխադրութեան հարցը։ Այդ օրերուն կազմակերպուած է նաեւ ամառնային «Արարատ» ճամբարը (7-օրեայ)։ Աշակերտներու աճող թիւին եւ դպրոցին ձեռք բերած յառաջդիմութեան եւ նուիրատուութիւններու աճին շնորհիւ, վարժարանը շարունակած է իր առաքելութիւնը՝ դառնալով թորոնթոհայ համայնքի պատմութեան առաջին շաբաթօրեայ դպրոցը եւ մինչեւ օրս իր ուրոյն դերը ունեցող կրթական հաստատութիւն մը։ Վարժարանի տնօրէն դոկտ․ Արփի Փանոսեան Մըթարթ «Թորոնթոհայ»-ին կը վստահեցնէ, որ «դպրոցէն ներս ամէն ջանք կը գործադրուի հայ աշակերտին փոխանցելու հայեցի կրթութիւն, պահպանելու հայ հաւատքը, լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը՝ հայ լեզուի սերտողութեան ընդմէջէն»։ Դպրոցը առ այսօր ունեցած է 17 տնօրէններ՝ գործակից ունենալով նուիրեալ խորհրդական անդամներ եւ մեծ թիւով նուիրեալ ուսուցիչներ ու կամաւոր օգնականներ։ Ներկայիս վարժարանը կը ղեկավարուի դպրոցի Խորհրդական մարմինին կողմէ, որ կը բաղկանայ եօթը անդամներէ։ Տնօրէնութեան կազմն է՝ տնօրէն դոկտ. Արփի →4

«Դէպի նոր Մայիս 28, դէպի նոր Սարդարապատ» Լուսարձակ → 3

An afternoon with Three CanadianArmenian authors Community → 6

Levon Ichkhanian: A musical journey through 'The Armenian Guitars' Arts & culture → 12

Լենային հայկական [vegan] խոհանոցը + խաչբառ + Armen's Math Corner + առանձնատառ

→ 5+21+23

vol. 19

No 6[202]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #202 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu