Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #201

Page 1

«ՀՈՒՆՁՔ ԲԱԶՈՒՄ ԵՆ ԵՒ ՄՇԱԿՔ՝ ՍԱԿԱՒ» | Մայիս 2024 May

Թորոնթօն ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը Արշօ Զաքարեան Կիրակի, 21 ապրիլին, Հայ կեդրոնի մայր սրահին մէջ ներկայ էին աւելի քան չորս հարիւր հայորդիներ, հոգեւոր հայրեր եւ քաղաքական զանազան ներկայացուցիչներ՝ Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկին։ Օրուան հանդիսավար Վերոնիք Այնէճեան ձեռնհաս կերպով կատարեց իր դերը երեք լեզուներով։ Յոտնկայս Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով բացուեցաւ յայտագիրը, ներկաները նաեւ յոտնկայս յարգեցինք մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակը։ Այնէճեան նշեց, որ՝ որպէս վերապրողներու երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ սերունդներ, կը կրենք «մոռցուած ցեղասպանութեան» ցնցիչ հետեւանքը. այն մեր ինքնութեան անուրանալի մասն է ու պէտք է ուրացողներուն դէմ ըլլանք հաստատ կերպով ամբողջ տարուան մէջ եւ հետեւողական ընթացքով։ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին աշխարհը լուռ մնաց, աւելի քան չորս հազար զոհ տուինք, ինը ամիսներու շրջափակումէն ետք հարիւր հազարէ աւելի արցախահայեր տեղահանուեցան։ Խօսքը ուղղեց կառավարական ներկայացուցիչներուն, որպէսզի իրենց դիրքերու եւ պաշտօններու միջոցաւ պայքարին ցեղասպանութեան ուրացումի դէմ եւ՝ խեղաթիւրուած իրականութեան։ Ան ըսաւ նաեւ, որ ամենէն մեծ եւ վտանգաւոր սպառնալիքը Ազրպէյճանի նախագահն է, որ կը համարձակի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը խախտել։ Բոլոր քաղաքապետական, նահանգային եւ դաշնակցային կառավարութիւններու ներկայացուցիչները իրենց խօսքին մէջ

անդրադարձան Հայկական ցեղասպանութեան ահաւոր եւ պատմական սեւ էջերուն, պատուելով եւ յիշելով զոհերը, վերապրողներու կամքը եւ վերահաստատելու յանձնառութիւնը դէպի ապահով աշխարհը մը, ուր խտրականութիւնը եւ հալածանքը բաժին չունին։ Նաեւ գովաբանուեցաւ 1923-ի գանատական մարդասիրական Ճորճթաունի որբերու ծրագիրը։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Յունաստանի եւ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոսներն ու ներկայացուցիչները, նախկին խորհրդարանի խօսնակ Տէյւիտ Ուորնըր, փրոֆեսորներ Իզապէլ Գաբրիէլեան Չըրչիլ եւ Սթէյսի Չըրչիլ եւ թորոնթոհայ արուեստագէտ Ժէրարտ Բարաղամեան։ Խորհրդարանի անդամ եւ նախարար Ֆիլոմինա Թասի փոխանցեց վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի պատգամը։ Այս վերջինը, 2018-ին, Գանատայի առաջին վարչապետը եղած է, որ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգելու մէկ ու կէս միլիոն զոհերու յիշատակը։ Խորհրդարանի անդամ Հէն Տոնկ անդրադարձաւ Գանատայի եւ Հայաստանի քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանի մէջ դեսպան ունենալուն եւ նշեց, որ ինք՝ որպէս Գանատա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամ, մօտէն կ՚աշխատի նեցուկ ըլլալու Հայաստանի խաղաղութեան եւ կայունութեան։

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դռնբացէք եւ վերաօծում Համայնք → 4

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 61-ամեակը Համայնք → 12

«Լոյսը յոյսն է մեր ազգին»

Արուեստ եւ մշակոյթ → 19

Հանդիսավարը հրաւիրեց Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեանը։ Անոր կարճ եւ ազդեցիկ պատգամը յստակ էր։ «Իւրաքանչիւրս ունինք ընտանեկան պատմութիւններ հայկական ցեղասպանութեան մասին, առաւել՝ ականատես եղանք Արցախի քաջ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութեան արարքներուն։ Ինչպէս կրնամ արդար կերպով բացատրել մեր չարչարուած պատմութիւնը, հաւաքական վիշտը եւ արդարացի վախերը», ըսաւ ան։ Ճորճթաունի որբերու ուսուցիչի 24 ապրիլի պատգամին հետեւելով՝ Միրաքեան յորդորեց, որ ապագային նայինք առանց տկարանալու, հետամուտ ըլլանք արդարութեան, ապահովութեան եւ ինքնավարութեան, միայն այն ժամանակն է որ կ’ըլլանք նահատակներուն արժանի զաւակները։ Միրաքեան խօսքը ուղղեց կառավարական ներկայացուցիչներուն, որ →4

Լենային հայկական [vegan] խոհանոցը + խաչբառ + Armen's Math Corner + առանձնատառ

→ 22+23

vol. 19

No5[201]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #201 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu