«ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԵՆՔ ԳԻՏԱԿԻՑ` ԿԸ ՔԱԼԵՆՔ ԴԷՊ' ԱՊԱԳԱՆ» | Մարտ 2024 March
Ունինք նաեւ պահքի ուտեստներ Ապսպրանքներու համար
647-677-3288
hamovhodovcanada@gmail.com
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը կը շարունակէ իր երթը
«Հայ եկեղեցին մեր հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան ամրոցն ու երաշխիքն է». կոչ՝ թորոնթոհայութեան 1928-ին հիմնադրուած եւ շուրջ դարու մը պատմութիւնը արժանաբար կրող Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ վերջերս աշխուժօրէն կ'ընթանան վերանորոգութեան աշխատանքները։ Մինչեւ 1953 թուականը, Yonge եւ Dundas փողոցներու խաչմերուկին վրայ գտնուող Ս. Երրորդութիւն Անկլիքան եկեղեցւոյ կողմէ հիւրընկալուելէ ետք, համայնքը կառուցած է Թորոնթոյի հայկական առաջին եկեղեցին՝ քաղաքի կեդրոնը գտնուող Woodlawn եւ Yonge փողոցներու խաչմերուկին մօտ։ Նորակառոյց եկեղեցին անուանակոչուած է Սուրբ Երրորդութիւն, առ ի երախտագիտութիւն Անկլիքան Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, որ տարիներով հիւրընկալած է թորոնթոհայ համայնքը։ 1987ին, ծուխը կառուցած է ներկայի Ս. Երրորդութիւն հոյակերտ տաճարը, որը օծուած է ձեռամբ՝ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի։ Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Զարեհ աւ . քհնյ. Զարգարեանի եւ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, 37 տարիներու բազմաբնոյթ եւ կենսունակ գործունէութիւն ծաւալած եկեղեցին, այսօր ընդհանուր վերանորոգութեան կ’ենթարկուի։ 2024-ի Սուրբ ծննդեան
Լուսարձակ → 3
Գէորգ Մուրատի Seeing through Babel կտորը՝ «Աղա Խան» թանգարանին մէջ
Արուեստ եւ մշակոյթ → 16
The Naghash Ensemble to make its Toronto debut in April Arts & culture →18
տօնէն անմիջապէս ետք ընթացք առած աշխատանքը, տակաւին մեծ թափով կը շարունակուի։ Վերանորոգութեան մաս կը կազմեն, կառոյցի ներքին պատերու եւ սիւներու ներկի, Սուրբ խորանի սալապատումի, ձայնային եւ տեսանկարահանման համակարգի, գորգերու նորոգութիւնները եւ ընդհանուր բարեզարդումը։ Այս առթիւ , յատուկ շնորհակալութեան արժանի են նորոգութեան աշխատանքները ստանձնած այն ժրաջան վարպետները, որոնք ոչ միայն իրենց աշխատանքով, այլ եւ մանաւանդ Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց անսակարկ հաւատքով եւ նուիրական ոգիով, օրն ի բուն ամէն ջանք կը գործադրեն Սուրբ Յարութեան տօնի նախօրեակին վերանորոգութեան հսկայական աշխատանքը իր աւարտին հասցնելու։ Սիրելինե՛ր, հայ հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ի խնդիր, այսու կը դիմենք թորոնթոհայ համայնքի հաւատացեալներուն անխտիր, իրենց սրտաբուխ եւ առատաձեռն նուիրատուութիւնները կատարելու՝ Աստուծոյ եւ մեզ բոլորիս հարազատ
աղօթքի այս տան վերանորոգութեան ի նպաստ։ Հայրենիքի կողքին, Հայ եկեղեցին մեր հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան ամրոցն ու երաշխիքն է, որուն կ’ապաւինին ներկայ եւ գալիք հայ սերունդները։ Ընդունեցէ՛ք մեր կանխայայտ շնորհակալութիւնները ձեր աջակցութեան եւ սրտաբուխ նուիրատութիւններուն համար։
Լենային հայկական [vegan] խոհանոցը + խաչբառ + Armen's Math Corner + առանձնատառ
→ 22+23
vol. 19
No 3[199]
Յաջողութեան եւ արեւշատութեան մաղթանքներով՝ Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Ծխական խորհուրդ ֎ Նուիրատաուութիւն կատարելու համար այցելեցէ՛ք tinyurl.com/ htacdonate2024 կայքէջը: Կարելի նաեւ ե-փոխանցում (e-transfer) կատարել info@torontoarmenianchurch.com ե-հասցէին կամ դիմել եկեղեցւոյ գրասենեակին՝ հեռաձանելով 416431-3001 թիւը: Վճառագիրերը գրե՛լ HTAC-ին եւ ղրկել 920 Progress Avenue, Toronto, ON M1G 3T5 հասցէին:
Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր
Torontohye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005
416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4
torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.