Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #194

Page 1

«ՄԱՍՈՒՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ, ՔԵԶՆՈՎ ԵՆՔ ՀԱՒԵՐԺԱՆՈՒՄ» | Հոկտեմբեր 2023 October

Արցախահացութեան ապագան անորոշ. թորոնթոհայութիւնը կը մնայ Արցախի կողքին 19 սեպտեմբերի կէսօրին Ազրպէյճանը լայնածաւալ պատերազմ սկսաւ Արցախի դէմ` զայն անուանելով «հակաահաբեկչական գործողութիւն»: Արցախի սահմանի ողջ երկայնքով թշնամին կիրառեց հրետանի, հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր։ Հրթիռակոծուեցան Ստեփանակերտը եւ Արցախի այլ բնակավայրերը։ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն մինչեւ 1 յունուար 2024ը պէտք է լուծարուին Արցախի բոլոր պետական հիմնարկները եւ կազմակերպութիւնները, եւ Արցախի Հանրապետութիւնը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ, տեղեկացուց Արցախի տեղեկատուական շտապը։ Հազարամեակներ ետք, առաջին անգամ ըլլալով Արցախը հայաթափուեցաւ։ Արցախէն Հայաստան 1 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8-ի դրութեամբ տեղահանուած է 100 514 անձ: ֍

Տեղահանուած արցախահայ ընտանիք մը. Կոռնիձոր, սեպտ. 28, 2023 (լուսանկարը՝ Սքաութ Թիւֆենքճեանի)

Կրթական մշակ՝ Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին Համայնք → 6-11

Արցախահայութեան զօրակցութեան քայլերթը տեղի ունեցաւ 24 սեպտ. 2023-ին (լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի)

Թորոնթոհայութիւնը Արցախի կողքին Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան Չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2023-ի, երեկոյեան ժամը 7-ին, «Թորոնթոհայութիւնը Արցախի կողքին» կարգախօսով ժողովրդային հաւաք մը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի շրջափակէն ներս, ուր հարիւրաւոր թորոնթոհայեր մէկ սիրտ դարձած համախմբուեցան՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի վերջին ոտնձգութիւնն ու սանձարձակ լայնածաւալ յարձակումները՝ արցախահայութեան նկատմամբ։ Հայ կեդրոնի վերնայարկին շուրջ տեղադրուած Արցախի մեծկակ դրօշակը, սեւազգեստ գայլիկարծուիկներու եւ ԳԵՄ-ականներու բարձրացուցած դրօշները, «SOS ARTSAKH» եւ «Արցախն ուրանալը դաւաճանութիւն է» գրութիւններով պաստառները, ներկայ եղող թորոնթոհայութեան տխուր հայեցքներն ու թաց աչքերը՝ ներկայ պահին լրջութիւնն ու պատմական

առումով ծանրագոյն իրավիճակի մը դէմ յանդիման գտնուելու օրհասականութիւնը կ’արձագանգէր։ Արցախի օրհներգով սկսած հաւաքը շարունակուեցաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու ՝ ի յիշատակ Արցախի մէջ վերջին օրերուն ինկած մեր հերոսներուն։ Արտահերթ հաւաքի պատճառներուն, յառաջիկայ օրերու ընթացքին արցախահայութեան եւ ողջ հայութեան սպառնացող վտանգներուն մասին՝ ամպիոնէն բարձրաձայնեց եւ օրուան պատգամը ներկաներուն փոխանցեց Ռազմիկ Պէպէճեան։ Ընկեր Պէպէճեան իր խօսքը սկսաւ ժողովրդական ասացուածքով՝ «Ազգերու մեծութիւնը պէտք է տեսնել անոնց պատմութեան օրհասական թուականներուն, քանզի ճգնաժամերը կը գօտեպնդեն →2 ու կը զօրացնեն կամք ու

խաչբառ` նուիրուած խիզախ արցախահայութեան

→ 25

vol. 18

No 9[194]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #194 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu