Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #192

Page 1

«ՊԱՐՈՂՆԵՐԸ ԱՍՏԾՈՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՆ ԵՆ» | Օգոստոս 2023 August

Քսանվեցամեայ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի տարեկան եռօրեայ Ամառնային փառատօնը Համայնք → 3 17-18 յունիս 2023-ին, Թորոնթոյի «Համազգային» թատերասրահին մէջ, Համազգայինի «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» պարախումբի «Լոյսի ճանապարհ» ելոյթը, պարուսոյց եւ բեմադրիչ Նելլի Կարապետեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ, շողշողուն լոյս մը սփռեց հայկական մշակոյթի եւ արուեստի ճանապարհին, թորոնթոհայութեան սրտերը բերկրանքով լեցուց, իսկ արուեստասէրներուն հոգիները խայտացին երջանկութեամբ եւ յորդեցան հպարտութեան զգացումներով։ Ելոյթին սկիզբը պարային աշխարհի կապտագոյն երկինքին մէջ յայտնուեցաւ հանդիսատեսը՝ «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի աղջիկներուն ներկայացուցած «Ճախրանք» պարի ազդեցութեամբ։ Հոն՝ կռունկներու ճախրանքին կը միանար Ազատ Ղարիպեանի արուեստագէտի ոգին ու «Կռունկ» պարախումբը վերածնող՝ Նելլի Կարապետեանի աներիզ պատկերացումով լոյս կը տարածուէր սրահէն ներս գտնուող հանդիսատեսին սրտին մէջ։ «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի Ա. եւ Բ. խումբի փոքրերուն ներկայացուցած պարերու ընթացքին, փոքրիկները ամենայն պատասխանատուութեամբ, ինքնավստահ քայլերով, համահունչ շարժումներով, ժպտերես դէմքով ու ջերմիկ արտայայտութեամբ բեմը վերածեցին հեքիաթային աշխարհի, ուր պահի կախարդանքը տարածուեցաւ ամենուրէք։ Փոքրիկները՝ իրենց կատարած անթերի պարի կողքին,

ՀՕՄ-ի վարժարանի «Արարատ» հունձքին տարեվերջի ուղերձները Լուսարձակ → 4

Our goddaughter’s wedding in Artsakh and why we can’t attend Opinion → 15

«Եթէ ճանաչես հայրենիքդ, դու կը գտնես իրան օգնելու քո ձեւը»

«Լոյսի ճանապարհ»-ը կը հմայէ թորոնթոհայութիւնը Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան դէպի բեմ մուտքն ու ելքն ալ համաչափ քայլերով եւ մասնագէտ պարողներու հանգամանքով կը ներկայացնէին։ Հիասքանչ պարերուն ու նոր բեմադրութիւններուն մէջ բծախնդրութիւնն ու մասնագէտի դրոշմը ակնյայտ էր։ «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի պատանիներուն շարժուձեւերուն ներդաշնակութիւնը, դէմքի արտայայտութիւնը եւ միասնական ոգիով պարելու կամքը ներկաներուն աչքերուն առաջ գծեց հայկական լեռնաշխարհի խաղաղ բնութեան օրրանին գիրկը մեծցած պատանիներուն առօրեան, ու Հայաստանի բնութեան համն ու հոտը զգացող հանդիսատեսը մտքով ճամբորդեց դէպի հայրենիք։ «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի մեծերը

բեմ բարձրացան ամենայն պատասխանատուութեամբ։ Անոնք՝ իւրաքանչիւր մանրամասնութեան վրայ բժախնդրութեամբ աշխատած, ներկայացուած պարերուն պատմած նիւթերը ամբողջովին հասկցած եւ իմաստը իւրացուցած, մէկ ամբողջութիւն դարձած, պարեցին եւ այդպիսով այդ պահի զգացումը լիովին փոխանցեցին հանդիսատեսներուն, որոնք անյագ փափաքով կը դիտէին, կը հիանային, ծափողջիւններով կը գնահատէին ու աւելին կը պահանջէին։ «Էրեբունի» պարախումբին եւ մենակատարներուն ներկայացուցած պարերու ցանկը շատ ճոխ էր, իսկ պարերու մասնագիտական եւ իւրայատուկ բեմադրութիւնը, մենակատարներուն անթերի շարժումները, պարախումբին միասնական ոգին, պարերու →9

Զրոյց → 10

Խաչբառ

→ 22

[հորիզ. թիւ 18 (գոյ.) երկնային աստղ, արեգակ, կեանք]

vol. 18

No 7[192]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

«Լոյսի ճանապարհ» ձեռնարկին բոլոր լուսանկարները՝ Յակոբ Գուզուեանի

→4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #192 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu