Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #191

Page 1

«ԽՆԿՈՎ, ՄՈՄՈՎ ԱՐՔԱՅՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼ ՉԻ ԸԼՆԻ» | Յուլիս 2023 July

Unleashing the power of mentorship:

How arMentor is revolutionizing university transitions for Armenian students Spotlight → 6

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տարեկան աշակերտական համերգը

Թորոնթօն մեծ շուքով ողջունեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Չորեքշաբթի, 7 յունիս 2023ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ՝ Գանատայի հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ տէր Բաբգէն արք. Չարեանի եւ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ տէր Թորոգոմ եպս. Տոնոյեանի, մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Թորոնթոյի մասնաճիւղի շեփորախումբի կողմէ նուագուած ազգային քայլերգները ունկնդրուելէ ետք, աւանդական աղ ու հացի օրհնութիւնը կատարուեցաւ։ Վեհափառը հայրապետական ամպհովանիի ներքեւ, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ զանգակներու ղօղանջներով, «Փառք ի բարձունս»-ի երգեցողութեամբ, գլխաւորութեամբ՝ եկեղեցւոյ հովիւ հայր Վարդան ծվ. Թաշճեանի, եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազնաւուրեան» եւ «Մեղրիկ Բարիքեան» երգչախումբերու, սարկաւագաց դասի, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներու, ՀՄԸՄ սկաուտներու եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Գանատայի երիտասարդական միութեան (ՀՅԴ-ԳԵՄ) անդամներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։ Կանոնական աղօթքի արարողութեան ներկայ էին միջեկեղեցական կրօնական

Համայնք → 3

«Մեր hայեր». Սեւան Թոսունին առաքելութիւնը՝ Պոլսոյ մէջ Conversation → 11

Հայրապետական այցելութեան բոլոր լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի. լուսանկարները տրամադրած է Ազգային առաջնորդարանը

պետեր՝ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Անպա Մինա եպիսկոպոսը, Գանատայի անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ Լինտա արք. Նիքըլս, Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Եղիա ծվ. Քիրէճեանը, գանատահայոց փոխառաջնորդ եւ Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Զարեհ աւ. քհն. Զարկարեան, ինչպէս նաեւ` Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ քահանաներ ու սարկաւագներ։ Ներկայ էին նաեւ` Ազգային կեդրոնական վարչութեան, Գանատայի հայոց թեմի ազգային վարչութեան անդամները, տեղւոյն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ գաղութէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։ Գանատայի hայոց թեմի առաջնորդ տէր Բաբգէն արք. Չարեանը կանոնական աղօթքէն ետք բարի գալուստ մաղթեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ հայրապետին իր օրհնաբեր այցելութեան առիթով, որմէ ետք գահակալ հայրապետը փոխանցեց հայրապետական իր

օրհնաբեր պատգամը: Վեհափառ հայրապետը հայրական սիրով ողջունեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը, հոգեւոր ու գործակից եղբայրները, այնուհետեւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց։ «Եկեղեցին կայ միայն ու միայն ծառայելու, ոչ թէ իշխելու համար, ծառայութիւնը սոսկ բառ մը չէ, որպէս եկեղեցի մեր կեանքին եւ մեր առաքելութեան նպատակն է։ Քրիստոս ըսաւ՝ «Ես եկայ աշխարհ ոչ թէ ծառայութիւն ստանալու, այլ՝ ծառայելու»։ Եկեղեցին որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ, ոչինչ կ՚արժէ։ Եկեղեցին ծառայութեան ներկայութիւնն է, մեր ժողովուրդի կեանքին, տագնապներուն, մտահոգութիւններուն ու ցաւերուն հետ նոյնացած, մեր ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու պատրաստակամութեամբ, Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելով ու ապրեցնելով․ այս է եկեղեցւոյ առաքելութեան նպատակը։ Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ հոգեւորականները ներկայ պէտք է ըլլան որպէս ցաւակից, ուրախակից, գործակից, լծակից ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անխտիր։ →4

Լենային հայկական [vegan] խոհանոցը

→ 16

Խաչբառ

vol. 18

→ 17

No 6[191]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #191 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu