Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #188

Page 1

«ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԻՄ ՃՇՄԱՐԻՏ Է, ԶԻ ԳԻՏԵՄ ՈՒՍՏԻ ԵԿԻ ԵՒ ՅՈ ԵՐԹԱՄ» | Ապրիլ 2023 April

Scan to take action

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 14-րդ «Կանանց միջազգային օր»... Համայնք → 4

AGBU Toronto event shines a light on the unwavering spirit of women Community → 6

Բանաստեղծութիւն/ Poetry Մշակոյթ → 17

(լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի)

Երիտասարդ թորոնթոհայ տաղանդներ Արշօ Զաքարեան Սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը կարդամ Ճէսբըր Մոսի (Մուսախանեանի) ղեկավարութեամբ, յղացումով եւ ծրագրումով Հայկական երաժշտական երգերու յատուկ ելոյթի ծանուցումը։ Յայտագիրի խորագիրն է՝ Renaissance: The Music of Armenia («Զարթօնք` Հայաստանի երաժշտութիւնը»)։ Նոր hայ hորիզոնի հեռատեսիլի հարցազրոյցէն Ճէսբըր սահուն հայերէնով կը բացատրէ, որ մանկութենէն սկսած է երաժշտական ուղին։ Արդէն եւրոպական նուագախումբերու ղեկավարութիւնը ստանձնած է այս երիտասարդ տաղանդը։ Շաբաթ, 18 փետրուարին կ’ուղղինք քաղաքիս Trinity St Paul Centre for Music and Arts. Ճիշդ վայրն է ընդունելու 35 հոգինոց նուագախումբն՝ իր ձայնային սարքավորումներով ու 800 երաժշտասէրները։ Թորոնթօ ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ղեկավարն է Ճեսբըր Մոս, մենակատար երգիչներն են՝ սոփրանօ Լին Իշնար, պաս-պարիթոն Վարդան Գաբրիէլեան։ Այս երեք երիտասարդները արդէն

արհեստավարժ են եւ մրցանականերու արժանացած, որոնց ներկայութիւնը ոյժ եւ հպարտութիւն կը ներշնչէ մեզի՝ ներկաներուս, մանաւանդ որ հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի Զինուորի տան, եւ որուն նախաձեռնութիւնը ՀՕՄ-ին է։ Յայտագիրը բծախնդրօրէն պատրաստուած է։ Իւրաքանչիւր երգի բառերը տպուած են անգլիատառ հայերէնով, ինչպէս նաեւ թարգմանութիւնը, հեղինակներուն, երգիչներուն մասին ամփոփ տեղեկութիւններ։ Հայ երաժշտութեան անծանօթ մէկը առանց դժուարութեան կրնայ հետեւիլ ծրագրին եւ ծանօթանալ հայ արժէքներուն։ Երաժշտական ծրագիրը կը սկսի «Ուր ես մայր իմ» շարականով, կը շարունակուի Կոմիտասի «Քելեր Ցոլեր»երգով, «Հոյ նազան»-ով եւ «Քամանչա»-ով։ Երգացանկը կ’աւարտի Կանաչեանի «Օրօր իմ բալաս» օրօրոցայինով։ Լին Իշնար իր հմայիչ ձայնով, Վարդան Գաբրիէլեան իր թաւ եւ ազդեցիկ ձայնով, փոխն ի փոխ կ’երգեն, կ’ապրին եւ կ’ապրեցնեն ներկաները։ Կ’աւարտեն զուգերգով։

Իւրաքանչիւր երգէ վերջ, սրահը կը թնդայ ծափահարութիւններով։ Յայտագրի առաջին մասը կ’աւարտի Սպենդիարեանի Ինզելիով։ Դադարին արդէն կը փոխանակուին հպարտութեան զանազան արտայայտութիւններ այս երեք երիտասարդներու բացառիկ տաղանդներուն մասին, մանաւանդ Ճէսբըր Մոսի քաջութեան, 35 երաժիշտներով նուագախումբը ղեկավարելուն եւ անհատական միջոցներով այս ձեռնարկը իրագործելուն համար։ Համազգայինը, ՀԲԸՄ-ը, CAPPA մշակութային միութիւնները, հայկական եկեղեցիները, ՀՕՄ-ը առաջադրեցին այս ձեռնարկը, ծանուցումները ցուցադրելով եւ ուղարկելով իրենց անդամներուն, որ անպայման ներկայ գտնուին այս յատուկ ձեռնարկին։ Չափազանց ուրախ ենք, որ Մոս յաջողած է Toronto Arts Council-էն եւ Ontario Arts Council-էն նպաստներ ստանալ։ Այս նուաճումը շատ խրթին եւ դժուար գործողութիւն մըն է։ Կը կարդանք նաեւ յայտագրի գրքոյքին մէջ անհատական → 22

Զուլալին առանձնատառը Այլազան

→ 25

vol. 18

No 3[188]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #188 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu