Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #187

Page 1

«ԼԱՒ Է ԿՈՅՐ ԱՉՕՔ, ՔԱՆ ԿՈՅՐ ՄՏՕՔ» | Մարտ 2023 March

Donate to educate! ARS Armenian Private School Telethon 2023

Scan to donate

AGBU Toronto Innovation Studios: Unleashing the potential of creators and innovators Community → 7

The community gears up to celebrate the centennial of the Georgetown Boys and Girls Conversation → 13

«Հիմա ի՞նչ պիտի ուտենք» Մշակոյթ → 19

Շարունակե՛նք նեցուկ կանգնիլ մեր համայնքի սրտին՝ Ես հպարտ եմ մեր երիտասարդներով, մեր ամէնօրեայ որոնք հայրենիքէն դուրս հայրենասէր կը մեծնան շնորհիւ նախ՝ իրենց վարժարանին ծնողներուն եւ յետոյ՝ իրենց համար Րաֆֆի Սարգիսեան Պատիւն ունիմ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն ըլլալով հանդերձ, նաեւ դասաւանդելու ԺԱ կարգի Հայոց ցեղասպանութիւնը վերլուծելու առիթը ընծայող յատուկ դասընթացք մը՝ անգլերէն լեզուով: Անցեալ տարի, «Գոյատեւելու եւ պայքարի խորհրդանիշներ մեր շրջապատին մէջ» խորագիրով պարտականութիւն մը նշանակած էի մեր աշակերտներուն, որպէսզի անոնք լուսանկարեն եւ իմաստաւորեն Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի այն բոլոր անկիւնները, որոնք իրենց համար մեր պայքարելու եւ գոյատեւելու ոգին կը խորհրդանշեն: Թէեւ ամէն աշակերտ քանի մը նկար ընտրած էր, ուզեցի ընթերցողներուն համար ներկայացնել մէկական հատ, որպէսզի տեսնէք, թէ ի՜նչ գեղեցիկ կը դիտուի կեդրոնը մեր աշակերտներուն ոսպնեակէն (լուսանկարները՝ էջ 24-ին վրայ):

սփիւռքի մէջ Հայաստան մը ստեղծած ղեկավարութեան: Ահա, ինչպէս տունը, եկեղեցին, կեդրոնը եւ ի վերջոյ դպրոցը միատեղ՝ հայ երիտասարդին համար կը դառնան յարատեւ պայքարի, գոյատեւման եւ ստեղծագործելու ապրող եւ շնչող վայրեր: Կը տեսնենք իրենց լուսանկարներէն, թէ ինչպէ՞ս երիտասարդները բարձր կը գնահատեն մեր անցեալն ու ներկան եւ հիմա իրենք՝ որպէս ջահակիր, կը լուսաւորեն ապագան: Ես հպարտ եմ անոնցմով, որովհետեւ կը տեսնեմ, թէ այս սուրբ շրջապատը կը շարունակէ ունենալ այն նոյն ազդեցութիւնը, որ ունեցած էր իմ վրայ որպէս սոյն վարժարանի աշակերտ եւ համայնքի կամաւոր գործիչ: Նկարներէն մէկը ընթերցողին կը ներկայացնէ Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանը: Աշակերտական տարիներէս սկսեալ ու հետագային որպէս երկրորդականի աշակերտ յաճախ կ'այցելէի գրադարանը: Դպրոցին շնորհիւ էր,

որ գրադարանի կարեւորութիւնն ու ճամբան սորվեցայ: Որպէս չափահաս, կը հանդիպէի այն տարիներուն գրադարանի պատասխանատու, շատ սիրելի պարոն Ռոստոմ Եղոյեանին։ Անոր անհատ գիտելիքներէն եւ տեղեկութիւններէն ոգեւորուած, անպայման գիրքով մը կը մեկնէի։ Տարիներու ընթացքին, ամէն մէկ գիրք իր յատուկ ազդեցութիւնը կամ օգուտը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ։ Որոշ գիրքեր օգտագործեցի յօդուածներու համար, այլ գիրքեր՝ ուսումնասիրութիւններու։ Սակայն, այն գիրքերը, որոնք ներշնչման աղբիւր դարձան եւ բառերը կեանքիս համար եղան անկիւնադարձային, արժանացան այլ մակարդակի գնահատանքի։ Այն գիրքերէն մէկը Գարեգին Նժդեհի «Հատընտիր»-ն էր։ Այսօրուան պէս կը յիշեմ այդ պահը, երբ 2001 թուականի կիրակի առաւօտ մը, պարոն Ռոստոմ՝ տեսնելով զիս, ցատկեց տեղէն եւ մեծ ժպիտով ձեռքով կանչեց իր քով եւ ըսաւ. «Րաֆֆի՛, տղա՛ս, քեզի համար գիրք մը պահեցի. պիտի սիրես»: Պարոն Ռոստոմ գիտէր գաղութի զաւակներուն հետաքրքրութիւնները եւ անոնց համար յարմար գիրքեր մէկ կողմ կը պահէր։ Դարակը բացաւ եւ իր սովորական գուրգուրանքով գիրք → 24

առանձնատառ [նորութիւն] Այլազան

→ 27

vol. 18

No 2[187]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #187 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu