Skip to main content

Torontohye/Թորոնթոհայ #216

Page 1

«ԿԸ ՊԱՇՏԵՆՔ ՔԵԶ ՈՐՊԷՍ ԽՈՐԱՆ, ՈՐՊԷՍ ԼՈՅՍԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ» | Օգոստոս 2025 August

Calling on all ARS Armenian Private School graduates, alumni Spotlight → 3

Ancient Armenian churches shine in Toronto lecture at AECT

Ուշադրութի՜ւն ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներ, նախկին աշակերտներ. «Շրջանաւարտներու երեկոյթ»՝ 23 օգոստոսին Սալբի Սաղտըճեան Մեր ծանրաբեռնուած եւ հեւքոտ առօրեային մէջ, յատուկ կարեւորութիւն ունին այն մտերմիկ հաւաքները, որոնք առիթ կը ստեղծեն հարազատներով, մանկութեան ընկերներով, դասընկերներով հաւաքուելու, միասին հաճելի ժամանակ անցնելու, թարմացնելու անցեալի ջերմ օրերը, միաժամանակ այդ արժէքաւոր ժամանակը իմաստաւորելու բարեգործութեամբ։ Այդպիսի հաւաքի մը հնարաւորութիւնը կը ստեղծէ Թորոնթոյի ACC Beyond յանձնախումբը ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներուն համար։ «Պատրաստուեցէք վերամիանալու, վերյիշելու եւ ուրախ ժամանակ անցնելու՝ բարի նպատակի համար» կոչով՝ ACC Beyond դրամահաւաքի յանձնախումբին կազմակերպած «Շրջանաւարտներու երեկոյթ»-ը տեղի պիտի ունենայ 23 օգոստոսին, Հայ կեդրոնի շրջափակէն ներս։ ACC Beyond հանգանակային յանձնախումբի անդամ Սեւակ Թիթիզեան «Թորոնթոհայ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ յանձնախումբը տարբեր բնոյթի դրամահաւաքի ձեռնարկներ կը կազմակերպէ՝ երիտասարդական կեդրոնին շինարարութիւնը աւարտին հասցնելու նպատակով։ «Որքան որ կարեւոր է Հայ երիտասարդական

կեդրոնի ընդլայնումը, նոյնքան կարեւոր է նաեւ բոլորին ներդրումը սոյն ծրագրի իրականացման համար, որպէսզի միասնաբար հասնինք մեր նպատակին եւ յաջորդ սերունդներուն համար ստեղծենք յարմար եւ բարեկարգ պայմաններ», կը հաստատէ Սեւակը։ Երեկոյթին հրաւիրուած են 1979-էն սկսեալ մինչեւ անցեալ տարուան բոլոր շրջանաւարտները՝ ամենամեծէն մինչեւ ամենափոքրը։ Երեկոն առիթ պիտի ստեղծէ շրջանաւարտներուն միասին ըլլալու, նախկին դասընկերներով լաւ ժամանակ անցնելու, անցեալի դպրոցական օրերը յիշելու եւ արժեւորելու։ «Այն անձիք, որոնք տարիներէ ի վեր զիրար չեն տեսած, այս ձեռնարկով առիթը պիտի ունենան դարձեալ իրարու հետ կապ ստեղծելու», կ’ըսէ զրուցակիցս, աւելցնելով, որ տասնհինգ տարիէ ի վեր շրջանաւարտներու այսպիսի հաւաք տեղի չէ ունեցած, իսկ այս մէկը իր տեսակով եզակի է։ Սեւակ Թիթիզեան սպասուող երեկոյի յայտագիրի մանրամասնութիւններուն մասին փակագիծեր չ’ուզեր բանալ, սակայն կը վստահեցնէ, որ կը սպասուի շատ պարզ, միեւնոյն ժամանակ շատ ճոխ մթնելորտ մը, ամառնային յաճելի երեկոյ մը՝ երաժշտութեամբ, ուտելիքով

եւ խմիչքով։ «Պիտի հաւաքուինք այնտեղ, ուր շատ շատերս մեծցած ենք, ուր խաղցած ենք դպրոցական տարիներուն եւ ուր ունինք բազմաթիւ յիշատակներ», դիտել կու տայ ան։ Թորոնթոյի գաղութը սնուցող եւ անոր հիմնական երակներէն մէկը հանդիսացող ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտները լաւագոյնս կը գիտակցին Հայ երիտասարդական կեդրոնի նոր մասնաշէնքին կարեւորութեան եւ դերին մասին։ Անոնք իրենց կեանքի նորամուտի կարեւոր մէկ հանգրուանը անցուցած են այս շրջափակէն ներս, ստացած են հայեցի կրթութիւն, խօսած են հայերէն, սորված են Հայոց պատմութիւն, դաստիարակուած են որպէս տիպար հայորդիներ՝ ծառայելու համայնքին, երկրին ու հայրենիքին։ Եւ հիմա պահը հասունցած է եկող սերունդներուն համար ստեղծելու օրուան պահանջներուն գոհացում տուող աւելի յարմարաւէտ եւ ժամանակակից պայմաններ, որուն իրականացման համար անհրաժեշտ է իւրաքանչիւրին լուման։ Ուրեմն՝ սիրելի՛ շրջանաւարտներ, համատեղելով զուրաճութիւնն ու բարեգործութիւնը՝ բաց մի ձգէք սպասուող երեկոն եւ ձեր ներդրումը բերէք Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնման ծրագրին։

Community → 8

«Արիւնը կը քաշէ» Կարծիք → 14

լենային խոհանո ցը, խա ղեր եւ այլն

→ 18

vol. 20

No 8[216]

Թորոնթոհայ ամսագիր

թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontohye monthly

the voice of Toronto Armenians since 2005

416-491-2900 info@torontohye.ca 45 Hallcrown Place Toronto, Ontario M2J 4Y4

torontohye.ca © Torontohye Communications Inc.


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Torontohye/Թորոնթոհայ #216 by Torontohye/Թորոնթոհայ - Issuu